Հոկտեմբեր 8-ին Արմենիա Մարիոթ հիւրանոցին մէջ Միացեալ Թագաւորութիւնը ներկայացնող աշխարհահռչակ լեզուաբան, փրոֆ. Տէյվիտ Քրիսթլը եւ Բրիտանական խորհուրդի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Արեւիկ Սարիբեկեանը մամլոյ ասուլիս մը ունեցան։


Փրոֆեսէօրը առաջին անգամն է որ Հայաստանի մէջ կը ներկայանայ դասախօսութիւններով։
Աւելի քան 1200 մարդ մասնակցեցաւ ականաւոր լեզուաբան, փրոֆ. Տէյվիտ Քրիսթլի դասախօսութիւններուն: Տէյվիտ Քրիսթլը Հոկտեմբեր 7-էն-10-ը չորս դասախօսութիւններ տուաւ՝ Շէյքսփիրին նուիրուած ներկայացմամբ:
Փրոֆ. Տէյվիտ Քրիսթլը դասախօսութիւններ կուտայ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ելոյթ կþունենայ լաւագոյն համալսարաններու մէջ ու կը զբաղուի գիտական գործունէութեամբ: Տէյվիտ Քրիսթլը հրատարակեց աւելի քան 100 հեղինակային գիրքեր եւ ճանաչելի դարձաւ գլխաւորապէս իր՝ անգլերէն լեզուի ուսումնասիրութեան հետազօտական աշխատութիւններով: Ան առաւել յայտնի է իր երկու` «The Cambridge Encyclopedia of Language» եւ «The Cambridge Encyclopedia of the English Language» հանրագիտարաններու շնորհիւ: