Հ.Յ.Դ. խմբակցութիւնը 2013 թուականի գարնան կայանալիք Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն իր մասնակցութեան մասին պիտի յայտարարէ Դեկտեմբերին կայանալիք ՀՅԴ Գերագոյն արտակարգ ժողովի գումարումէն ետք.

այս մասին Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9ին յայտնեց ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանը եւ նշեց, թէ կայանալիք ժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին նաեւ խմբակցութեան աշխատանքի ընթացքն ու արդիւնքները:
«Ժողովից յետոյ՝ Դեկտեմբերի վերջ, մենք յստակ հանդէս կը գանք յայտարարութեամբ մը այն մասին թէ՝ առաջադրո՞ւմ  ենք մէկ միասնական թեկնածուի, սատարո՞ւմ ենք որեւէ այլ քաղաքական ուժի, չէզո՞ք դիրք ենք պահպանում, թէ ոչ», ըսած է  Մինասեանը:
Հ.Յ.Դ. ոչ թէ մէկ քաղաքական գործչի կը սատարէ, այլ՝ սկզբունքներու, որոնք կրնան նպաստել  մեր երկիրի մարտահրաւէրներու արդիւնաւէտ լուծումին, ըսած է ան: