ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու բնագաւառի «Դիջիթեք» տարեկան ցուցահանդէսը, այս տարի կայացաւ «Տօն տեխնոլոգիական հայութեան համար» կարգախօսով: Անոր պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 5 Հոկտեմբերին։

Բացումին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեանը, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը, գործարարներ, հասարակական գործիչներ:
«Դիջիթեք-2012» ցուցահանդէսին կը մասնակցին տեղական, քորէական, սինկափուրեան, ռուսական, վրացական, գերմանական, իտալական եւ ամերիկեան 120 կազմակերպութիւններ՝ նախորդ տարուան 113ի փոխարէն:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, «Ինֆորմացիոն տեխնոլոգիաների ձեռնարկութիւնների միութեան» գործադիր տնօրէն Կարէն Վարդանեան ըսած է, որ առաջին անգամ ըլլալով ցուցահանդէսին կը մասնակցի իտալական ընկերութիւն մը՝ «ImagingLab»ը, որ մասնագիտացած է մարդամեքենայի արհեստագիտութեան եւ պատկերներու մշակման մէջ: Նախաձեռնութեան կարեւոր ձեռքբերումներէն է նաեւ Քորէայի հանրապետութեան մասնակցութիւնը, որուն արհեստագիտական ձեռքբերումները կը ներկայացնեն Քորէայի ազգային տեղեկատուական արհեստագիտութեան զարգացման գործակալութիւնը, Առեւտրաարդիւնաբերական պալատը եւ այլ կազմակերպութիւններ: «Ութերորդ ամէնամեայ տեխնոլոգիական ցուցահանդէսին ակնկալւում է յատկապէս այցելուների թուի աճ՝ աւելի քան քսան հազար այցելու», նշած է Վարդանեան:
«Դիջիթեք»ի հիմնական նպատակը բարձր արհեստագիտութեան ընկերութիւններու, գործարար սպառողներու եւ հասարակութեան միջեւ հաղորդակցման բարենպաստ միջավայր ստեղծելն է: