ԵԱՀԿ  Մինսկի խումբի համանախագահները երէկ Հինգշաբթի օր  Ստեփանակերտի մէջ  հանդիպում ունեցան  Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ։

«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը այսօր Պաքուի մէջ յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ունի ճանաչման իրաւունք։

«Եռագոյն».- Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ամբողջ պատմութեան մէջ առաջին անգամ Ատրպէյճանի պաշտօնական լրատուական գործակալութիւնը, մասնաւորապէս՝ “Trend”-ը Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավար Բակօ Սահակեանը իրաւամբ ներկայացուցած է իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ:

Յունուար 2013-ին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ պիտի ստորագրուի վիզային վարչակարգը մեղմացնող համաձայնագիր, որուն կէտերը արդէն քննարկուած են:

Քուէյթի  Իշխանութիւնները  Պատրաստ  են  Մարդասիրական  Օգնութիւն  Յատկացնելու  Հայաստանի  Մէջ  Գտնուող  Սուրիահայերուն