Իր նախորդ այցելութենէն տարի մը  ետք, երկօրեայ պաշտօնական այցով դարձեալ Լիբանան կը ժամանէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
«Ազատութիւն» կը հաղորդէ թէ երկօրեայ այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են հանդիպումներ Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյմանի, վարչապետ Նաճիպ Միքաթիի եւ խորհրդարանի խօսնակ Նապիհ Պերիի, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Նոյեմբեր 20-ին Երեւանի պետական կամերային թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ, Ռումանիոյ գրողներու միութեան նախագահի առաջին տեղակալ, գրող, սենատոր Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկների մատեան» գիրքի հայերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը:

Արեւմտեան Հայաստանի Եկեղեցիներու Վերանորոգումէն Ետք Անոնք Այլեւս Հայկական Ճարտարապետութիւն Չեն Ունենար

Կորսնցնելով հայկական պատմական տարածքները՝ մենք կը հատուցենք մշակոյթով, ըսած է Սամուէլ Կարապետեանը, խօսելով հայկական յուշարձաններու վիճակի մասին:

ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ: «Մանկական Եւրատեսիլ 2012»-ի երգի մրցոյթի հայաստանեան պատուիրակութիւնը այսօր Նոյեմբեր 26-ին կը մեկնի Հոլանտա՝ մասնակցելու Դեկտեմբեր 1-ին Ամսթըրտամի մէջ տեղի ունենալիք միջազգային հեռուստատեսային մրցոյթին: Մրցոյթին Հայաստանը կը ներկայացնէ Compass band  խումբը: «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին , Հանրային հեռուստաընկերութեան «Եւրատեսիլ»

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Էրեբունի» բանտին մէջ աշխարհահռչակ ճատրակի մարզիկներ Լեւոն Արոնեան եւ Սերգէյ Մովսիսեան միեւնոյն ատեն ճատրակ խաղացած են 16 դատապարտեալներու հետ: Որոշ դատապարտեալներ լուրջ դիմադրութիւն ցոյց տուած են՝ ընդդէմ վարպետներուն: Լեւոն