Քուէյթի  Իշխանութիւնները  Պատրաստ  են  Մարդասիրական  Օգնութիւն  Յատկացնելու  Հայաստանի  Մէջ  Գտնուող  Սուրիահայերուն

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Քուէյթի փոխ վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Սապահ Խալէտ Ալ Համատ Ալ Սապահի հետ երէկ կայացած բանակցութիւններու ընթացքին անդրադարձած են միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ փոխ գործակցութեան, երկու  նախարարութիւններու միջեւ պարբերական խորհրդատըւութիւններու իրականացման եւ տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատւութեան վարչութիւնը:
Էդուարդ Նալպանտեան յատնած է, որ Հայաստանը մեծ կարեւորութիւն կու տայ Քուէյթի, ընդհանրապէս արաբական աշխարհի հետ իր յարաբերութիւններու զարգացման եւ պիտի շարունակէ այդ ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելու:
Հանդիպման ընթացքին նախարարները անդրադարձած են երկու պետութիւններու ղեկավարներու համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքին, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան խորացման, դրամատնային, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, կրթական եւ մշակութային բնագաւառներու մէջ կապերու  զարգացման առնչուող հարցերուն:
Անդրադառնալով Կազայի հատուածի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն՝  Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ըսաւ. «Հայատանը, ինչպէս եւ միջազգային հանրութիւնը խիստ մտահոգուած է Կազայի հատուածում եւ նրա շուրջն աճող լարուածութեամբ: Ուժի կիրառումը, որը յանգեցրել է խաղաղ բնակչութեան շրջանում տասնեակ զոհերի, լուրջ վնաս է հասցնում տարածաշրջանային առանց այդ էլ փխրուն իրավիճակին: Պէտք է վերջ դնել ուժի սպառնալիքին եւ ուժի կիառմանը: Խորապէս համոզուած ենք, որ խաղաղ ճանապարհով, բանակցութիւնների միջոցով հարցերի լուծմանը այլընտրանք չկայ»:
Էդուարդ Նալպանտեան մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակով՝  նշելով, որ հակամարտութեան պատճառով Հայաստան կը շարունակէ հազարաւոր սուրիահայ փախստականներ ընդունելու: Այս առնչութեամբ Քուէյթի ԱԳ նախարարը տեղեկացուց՝  Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն մարդասիրական օգնութիւն յատ- կացնելու Քուէյթի իշխանութիւններու որոշման մասին:
Է. Նալբանդեան   ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման վերջին զարգացումները եւ ընդգծեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Քուէյթի իշխանութիւններու հաւասարակշռուած դիրքորոշումը՝  ի սատարումն միջազգային հանրութեան՝  ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի եռա- նախագահներուն կողմէ հիմնախնդիրի կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուող ջանքերու:
Հայաստանի եւ Քուէյթի արտգործնախարարները ստորագրեցին դիւանագիտական անձնագիր կրողներու համար մուտքի արտօնագրային վարչաձեւը վերացնելու մասին համաձայնագիրը, որով հիմք դրուեցաւ երկու երկիրներու միջեւ մուտքի արտօնագրային վարչաձեւի դիւրացման գործընթացին: