Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան  մէկ շաբթուան արձակուրդի մէջ կը գտնուի, հետեւաբար՝ Ազգային ժողովի նիստերը կը վարէ Ազգային ժողովի փոխ նախագահ Հերմինէ Նաղդալեան:

Վերջերս Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութիւնը Ստեփանակերտէն տեղափոխուեցաւ Շուշիի հրաշալի վերակառուցուած Մարիամաց օրիորդաց կրթահամալիր։

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Յունաստանի նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իոանիս Տաղիսը:

ԳԱՒԱՌ,  «Արմէնփրէս».- Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի քաղաքին մէջ 11 Նոյեմբերին բացումը կատարուեցաւ Արցախեան ազատամարտի մարտունեցի զոհերուն նուիրուած յուշարձանին, զոր օծեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեանը:

Ուրուկուէյի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոն, որ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուէր, 13 Նոյեմբերին մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: