Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագիտուհի Ֆլորա Մարտիրոսեան: Ան հիւանդանոցը կը գտնուէր լեղապարկի վիրահատութեան ենթարկուելու համար, սակայն վիրահատութեան ընթացքին ծագած բարդութիւնները պատճառ դարձած են անոր մահուան:


5 Փետրուար 1957-ին Գիւմրիի մէջ ծնած Ֆլորա Մարտիրոսեան հիմնադիրն է Կոմիտասի անուան միջազգային երաժշտական դպրոցին, Արուեստագէտներ խաղաղութեան համար բարեսիրական կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ «Երբեք կրկին»  մշակութային շարժման նախաձեռնողը հանդիսացած է:
News.am-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ֆլորա Մարտիրոսեանի անձնական գործավար Արթուր Յովհաննիսեան յայտնած է, որ Ֆլորա Մարտիրոսեանի մարմինը Հայաստան տեղափոխելու հարցին առնչութեամբ տակաւին վերջնական որոշում չէ տրուած, այս առընչութեամբ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞վ պայմանաւորուած է արուեստագիտուհիին մարմինը Հայաստան բերելու որոշումը՝  Յովհաննիսեան ըսած է. «Խնդիրներ չկան: Ատիկա պարզապէս ընտանեկան որոշում է: Սակայն վաղը պարզ կը դառնայ՝ կը տեղափոխե՞ն Հայաստան, թէ՞ ոչ: Ամենայն հաւանականութեամբ կը տեղափոխեն Հայաստան»:
Ան դիտել տուած է, որ Ֆլորա Մարտիրոսեան առողջական հարցեր չէ ունեցած եւ միայն վերջին հանգրուանին դիմած էր բժիշկի՝  լեղապարկէն քարը հեռացնելու նպատակով:
Նշենք, որ Ֆլորա Մարտիրոսեան 1991ին մեկնած էր Ամերիկայի Միացեալ նահանգներ, ապա  հայրենիք է վերադարձած 1995ին, ուր  շարունակած էր իր երաժշտական գործունէութիւնը:
Նախապէս ան 1978ին, Գերմանիոյ  Համպուրկ  քաղաքին մէջ  կայացած միջազգային փառատօնի մրցանակակիր դարձած էր, որ իր  առաջին միջազգային յաջողութիւնն էր: Այնուհետեւ  Գուսան Աշոտի «Ծովաստղիկը» Ֆլորա Մարտիրոսեանի կատարմամբ 15 տարի շարունակ  ճանչցուեցաւ որպէս  տարուայ լաւագոյն երգ: Հիւրախաղերով ան հանդէս եկած էր  աշխարհի աւելի քան 60 երկիրներու մէջ:
Անցեալ տարի, 2011ի Նոյեմբեր 1-ին, Լոս Անճելըսի «Կիպսըն» համերգասրահէն ներս  տեղի ունեցած էր իր վերջին  համերգը, որուն մասնակցած էին Սթիվի Ուոնտըրը, Շաքա-Քանը, Էրիկ Պենեթը, Պոպի  Պրոունը եւ ուրիշներ: Համերգի ժամանակ Ֆլորա Մարտիրոսեանին յանձնուած էր  Միացեալ նահանգներու  ծերակուտական Պրետ  Շերմանի յատուկ պատուոյ գիրը՝ հայ համայնքին առանձնայատուկ,‘ անգնահատելի ծառայութիւններ մատուցելու եւ երգի միջոցով համայն աշխարհին խաղաղութեան կոչ ըրած ըլլալու համար: