«Եռագոյն».- Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ամբողջ պատմութեան մէջ առաջին անգամ Ատրպէյճանի պաշտօնական լրատուական գործակալութիւնը, մասնաւորապէս՝ “Trend”-ը Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավար Բակօ Սահակեանը իրաւամբ ներկայացուցած է իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ:

Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը:
“Ղարաբաղեան կարգաւորման գծով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները պիտի ժամանեն Հայաստան” հաղորդագրութեան մէջ (http://www.trend.az/news/karabakh/2091286.html: նիւթը արդէն հեռացուած է կայքէն-խմբ. Armenpress.am-ի) կը նշուի. “Հինգշաբթի համանախագահները ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրչիկի հետ այցելած են Լեռնային Ղարաբաղ, ուր բանակցութիւններ իրականացուցած են ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ”:
Ատրպէյճանի մէջ զարմացած են պաշտօնական լրատուական գործակալութեան կողմէ ԼՂՀ-ն ճանչնալու համար: Մասնաւորապէս՝ haqqin.az լրատուական կայքը կ’ենթադրէ, որ ատիկա կրնայ “վրիպակ” ըլլալ: Սակայն, ինչպէս կ’երեւի՝ Ատըրպէյճանի մէջ հասկցած են, որ ինչքան շուտ ճանչնան ԼՂՀ անկախութիւնը, այնքան աւելի լաւ պիտի ըլլայ իրենց համար: