ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները երէկ Հինգշաբթի օր Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ։
Հանդիպման ընթացքին, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, քըննարկուեցան Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր:
Բակօ Սահակեան անդրադարձաւ ոճրագործ Սաֆարովի Ատրպէյճան արտայանձնման ու անոր հերոսացման դէպքին, կոչ ուղղելով «Ատրպէյճանը կառուցողական հուն բերելու ուղղութեամբ»: