«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը այսօր Պաքուի մէջ յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ունի ճանաչման իրաւունք։


Պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողներէն մէկու հարցին՝ ինչպէս Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարարը կը վերաբերի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին, արդեօք այն պէտք է յարգուի, Ռաֆիի Յովհաննիսեան ըսաւ, թէ ատիկա կը վերաբերի բոլոր պետութիւններուն, այդպէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւս տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է յարգուի։
«Ատրպէյճանը նոր պետութիւն է, կը կարծեմ՝ հետխորհրդային տարածքում հարցականի տակ է, թէ որն է տարածքային ամբողջականութեան սահմանը, դա բանակցային գործընթացի նիւթ է։ Բայց մի բան ինձ համար յստակ է՝ բոլոր պետութիւնները հին թէ նոր, ճանաչուած թէ ոչ՝ այդ թւում եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ունեն ճանաչման իրաւունք եւ Ատրպէյճանը լաւ կþանի առաջինը դա անի, թէեւ հասկանում եմ, որ բարդ բան է», - ըսաւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդը։
Յովհհանիսեանը աւելցուց, թէ Ղարաբաղի Ժողովուրդը սահմանադրական ճանապարհով ստեղծած է իր հանրապետութիւնը եւ ունի ինքնորոշման եւ անվտանգ ապրելու իրաւունք։
Անդրադառնալով փախստականներու խնդրին՝ «Ժառանգութեան» ղեկավարը ըսաւ, թէ բոլորին պէտք է հնարաւորութիւն տրուի վերադառնալու իրենց տուները՝ անկախ ազգութենէ, եւ ատիկա կը վերաբերի ինչպէս Ատրպէյճանին, Ղարաբաղին եւ Հայաստանին, այնպէս ալ Թուրքիային։
«Սակայն այդ վերադարձն անվտանգ դարձնելու համար մեզ պէտք է նոր միջավայր՝ հիմնուած լաւ մթնոլորտի, վստահութեան կառուցման վրայ, բայց ոչ ազատազրկուած մարդասպանին բաց թողնելով, գերեզմաններ պծղելով եւ ոչ, յատկապէս, նախագահի մակարդակով վիրաւորական խօսքեր հնչեցնելով հարեւան երկրների մասին։ Դա ոչնչի չի նպաստի, մենք կարող ենք ապրել իւրաքանչիւրս մեր իրականութեան մէջ՝ տարածելով մամուլի հաղորդագրութիւններ եւ մեր դիրքորոշման մասին փաստաթղթեր, սակայն, եթէ մենք լուծում ենք ցանկանում, ապա նոր յարաբերութիւնների եւ երկխօսութեան նոր չափանիշների կարիք ունենք», - նշեց ան։
Յովհաննիսեանը Պաքուի մէջ կը մասնակցի Ասիոյ քաղաքական կուսակցութիւններու միջազգային համաժողովի Գլխաւոր համագումարին: