Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ «երբ  մեր կիզակէտը կը դարձնենք  անձ մը եւ կը փորձենք զայն հեռացնելու կամ պաշտպանելու քաղաքականութիւն վարել՝

մենք միշտ կը ձախողինք, որովհետեւ անձնապաշտութիւնը կամ անձ մը ատելը երբեք ժողովուրդին բարեկեցութեան բարձրացում չի բերեր»: Դաշնակցական պատգամաւորը անհրաժեշտ նկատեց  համախմբուիլ գաղափարներուն, ծրագիրներուն շուրջ:
Մինասեան նշեց, որ նախագահական ընտրութիւններուն առնչութեամբ ՀՅԴ-ն առաջադրեց 7 կէտերէ բաղկացած մօտեցումներ եւ հրաւիրեց քննարկումներու: Եթէ այս բոլոր մօտեցումները իշխանութիւնը ընդունի, ըստ Մինասեանի, այդ իշխանութեան պէտք է ծափահարել: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ՀՅԴ-ի թեկնածուն Սերժ Սարգսեանը ըլլալ՝ Մինասեան յայտնեց, որ եթէ Սերժ Սարգսեան ընդունի Դաշնակցութեան առաջադրած 7 կէտերը եւ երաշխաւորէ զանոնք, եւ ժողովուրդն ալ հաւատայ այդ 7 կէտերուն իրականացման,  ապա կարելի է: