Իր նախորդ այցելութենէն տարի մը  ետք, երկօրեայ պաշտօնական այցով դարձեալ Լիբանան կը ժամանէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
«Ազատութիւն» կը հաղորդէ թէ երկօրեայ այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են հանդիպումներ Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյմանի, վարչապետ Նաճիպ Միքաթիի եւ խորհրդարանի խօսնակ Նապիհ Պերիի, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:


Լիբանանի խորհրդարանի խօսնակը յայտարարեց, թէ չեղեալ նկատուած է օրէնսդիր մարմնոյ նիստը, որ տեղի պիտի ունենար ի պատիւ ՀՀ նախագահին. անոր փոխարէն ճաշկերոյթ պիտի կազմակերպուի:
Այցելութիւնը կը կատարուի լարուած պահու մը, Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքներու լոյսին տակ, որ իրենց ազդեցութիւնը կը բերեն նաեւ Լիբանանի ներքաղաքական իրավիճակին վրայ:
Ներքաղաքական տարաձայնութիւններուն պատճառով՝ ընդդիմադիր ուժերը յայտարարած էին, թէ պոյքոթի պիտի ենթարկեն Հայաստանի նախագահի մասնակցութեամբ խորհրդարանական նիստը, թէեւ ընդգծած են, որ այդ քայլը որեւէ կապ չունի հայաստանցի հիւրին հետ: