Նոյեմբեր 20-ին Երեւանի պետական կամերային թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ, Ռումանիոյ գրողներու միութեան նախագահի առաջին տեղակալ, գրող, սենատոր Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկների մատեան» գիրքի հայերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը:


«Շշուկների մատեան» վէպը հրատարակուած է 2009 թուականին եւ կը համարուի Ռումանիոյ տարուայ լաւագոյն գրական ստեղծագործութիւնը։ Գիրքին շնորհուած է Ռումանական Ակադեմիայի գրական գլխաւոր  մրցանակը: Վէպը ներկայացւեցաւ Գիրքի միջազգային շարք մը տօնավաճառներու մէջ:
Գիրքը արժանացած է եւրոպական գրական  աշխարհի, մամուլի, ընթերցողներու ուշադրութեան, որոնց գնահատմամբ այն ժամանակակից եւրոպական գրական երեւոյթներէն է:
Վէպը թարգմանուած է իտալերէն, իսպաներէն, եբրայերէն լեզուներով: 2013-ին պիտի հրատարակուի ֆրանսերէն, գերմաներէն, շուէտերէն եւ պուլկարերէն լեզուներով:
Վէպի հայերէն թարգմանութեան հեղինակն է Սարգիս Սէլեանը:
«Շշուկների մատեան» գիրքի հայաստանեան շնորհանդէսին ներկայ էին Հայաստանի մէջ Ռումանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կրինա Ռուդիքա Պրունարիուն,  ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Մշակոյթի փոխ նախարար Արեւ Սամուէլեանը, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը, գրողներ, արուեստագէտներ:
 Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, շնորհաւորելով հեղինակին, աւելցուց. «Ուրախ եմ, որ այսօր մեծարում ենք Կարապետ Ոսկանեանի եւ Սեդրակ Մելիքեանի թոռանը՝ Վարուժան Ոսկանեանին իր հայրենքում: Մարդ, ով մեր սեղանին է դրել մի հոյակապ գիրք, որը մեր պատմութեան, մեր ողբերգական դէպքերի, անցքերի, մեր պապերի կրած տառապանքների գրական, գեղարուեստական ներկայացումն է»:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեանը Վարուժան Ոսկանեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Վիլեամ Սարոյեան» մետալով:
Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան իր խօսքին մէջ  շեշտեց, որ «Շշուկների մատեան» գիրքը բացառիկ գործ է մեր գրականութեան մէջ:
Հայաստանի Գրողներու միութեան փոխ նախագահ Դաւիթ Մուրադեանի գնահատմամբ՝  այս վէպի շնորհիւ մենք կը կարողանանք մեր ճակատագրի անունով խօսիլ ամենատարբեր ազգերու հետ. «Դէպի մարդկանց սիրտը տանող այս գիրքը նորանոր դռներ է բացում հայութեան առջեւ, ստեղծում է մի հզօր, բարոյական ֆոն, որը օգնում է մեր ժողովրդին: Գիրքը,  Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, կարող է մեծապէս նպաստել Հայ Դատի ճանաչման, ինչպէս նաեւ համակրանք ստեղծել մեր ժողովրդի հանդէպ»,-ըսաւ Դաւիթ Մուրադեանը:
Հայաստանի մէջ Ռումանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կրինա Ռուդիքա Պրունարիուն նշեց, որ «Շշուկների մատեանը»  մեզ կը յիշեցնէ չմոռանալ մեր անցեալը, այս պարագային՝ Հայոց ցեղապանութիւնը: Եւ այս է գլխաւոր պատճառը, որ գիրքը արձագանգ գտաւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Դեսպանը յոյս յայտնեց, որ հեղինակը կþարժանայ Նոպէլեան մրցանակի:
Եզրափակիչ խօսքը տրուեցաւ Վարուժան Ոսկանեանին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ խօսքերու համար եւ համառոտ ներկայացուց գիրքի բովանդակութիւնն ու ստեղծման պատմութիւնը: