ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ: «Մանկական Եւրատեսիլ 2012»-ի երգի մրցոյթի հայաստանեան պատուիրակութիւնը այսօր Նոյեմբեր 26-ին կը մեկնի Հոլանտա՝ մասնակցելու Դեկտեմբեր 1-ին Ամսթըրտամի մէջ տեղի ունենալիք միջազգային հեռուստատեսային մրցոյթին: Մրցոյթին Հայաստանը կը ներկայացնէ Compass band  խումբը: «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին , Հանրային հեռուստաընկերութեան «Եւրատեսիլ»

նախագիծի պատասխանատու Գոհար Գասպարեանը նշեց, որ խումբը նոր ու հետաքրքրական ոճով կը ներկայանայ մրցոյթին:
«Մենք կը ներկայանանք այն երաժշտութեամբ, որը սիրում են երեխաները: Ինչպէս տղաներն են ասում՝ կը փորձենք գերել բոլոր աղջիկների ժպիտները: Եւ կը ներկայանանք Պիթլսեան ոճում»,- ըսաւ նախագիծի պատասխանատուն: Արդէն պատրաստ է Compass band-ի՝ ռեժիսոր Հրանտ Մովսիսեանի կողմէ «Պիթլզ»ի ոճով նկահարահանուած տեսահոլովակը:
«Մեծ է պատասխանատուութիւնը, քանի որ ներկայացնում ենք մեր ազգը, երկիրը նման մրցոյթում եւ ամէն օր աշխատում ենք, որպէսզի չհիասթափեցնենք»,- ըսաւ Compass band-ի անդամ Արամ Ծատուրեանը: Խումբի անդամները իրենց հիմնական մրցակիցներ կը համարեն  Իսրայէլի եւ Ռուսաստանի ներկայացուցիչներուն:
Պաշտօնական պատուիրակութեան կազմին մէջ են Հանրային հեռուստաընկերութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ խումբի անդամներու մերձաւորներն ու ընկերները: «Մանկական Եւրատեսիլ 2012»-ի գլխաւոր փորձը տեղի կþունենայ  Նոյեմբեր 30-ին, որուն լաւ ներկայանալը եւս շատ կարեւոր գործօն կը համարուի:  Ամսթըրտամի մէջ կատարուած վիճակահանութեան համաձայն՝ Compass band խումբը հանդէս կուգայ 8-րդ: Մրցոյթին կը մասնակցին 12 երկիր՝ Պելառուսը, Շուէտը, Ատրպէյճանը, Պելճիքան, Ռուսաստանը, Իսրայէլը, Ալպանիան, Հայաստանը, Ուքրանիան, Վրաստանը, Մոլտովան, Հոլանտան:
Խումբի եզրափակիչ փուլին չորս տղաներուն հետ բեմ հանդէս եկած Միքայէլ Վարոսեանը, որուն տարիքը չէր համապատասխանէր մրցոյթի կանոներուն՝ կը յայտարարէ Հայաստանի քուէարկութեան արդիւնքները: