Երեւանի աւագանիի ընտրութիններուն մասին խօսելով, «Երեւանը եղանակային ծաղիկներ տնկելու համար չէ» ըսաւ «Բարեւ Երեւան» ցուցակի ներկայացուցիչ Ստեփան Սաֆարեան:

ԱԺ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը ԱԺ ճեպազրոյցներու ժամուն յստակացուց, որ Ապրիլ 9-ին մէկ երդմնակալութիւն տեղի ունեցաւ՝ Սերժ Սարգսեանի երդմնակալութիւնը, որուն ՀՅԴ չի մասնակցեցաւ։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Փաթրիք Վենթրել յայտնած է, որ «Ուաշինկթըն ղարաբաղեան տագնապի բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ ուժի կիրարկումէն զերծ մնալ»:

Ապրիլ 9ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած միջադէպերուն ընթացքին՝   նկատելի էր  ոստիկանութեան կողմէ ոչ համաչափ գործողութիւն՝  խօսքերով հանդէս եկաւ ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը, Ազգային Ժողովի նիստին ընթացքին:

Ապրիլ 8-ին ԱԳ նախարար Էդվարդ Նալբանդեան հանդիպեցաւ աշխատանքային այցով Երեւան ժամանած իր իրանցի գործընկեր Ալի Աքբար Սալեհիին: