ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Նիուզ», «Երկիր Մեդիա». Կոտայք մարզի Պռոշեան գիւղի դաշնակցական գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը քաղաքական պարունակ կը տեսնէ:

Այսօր՝ Ապրիլի 2-ի առաւօտեան, աշխատավայրի դիմաց ահաբեկչութեան զոհ է դարձել Պռոշեան համայնքի ղեկավար Հրաչ Մուրատեանը: Տեղի է ունեցել կանխամտածուած ու ծրագրուած սպանութիւն: Ակնյայտ է նաեւ, որ, անկախ կատարողներից, ոճրագործութիւնը անպատժելիութեան եւ անհանդուրժողական մթնոլորտի հետեւանք է:

ԵՐԵՒԱՆ.- Լաւագոյն կեցուածքն ու գործունէութիւնը ունեցած զինուորական ծառայողներ 30 Մարտին պարգեւատրուած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի կողմէ:

«Սուրիական» օդանաւային ընկերութեան երեւանեան գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Դամասկոս-Լաթաքիա-Երեւան թռիչքները տակաւին չեն սկսած, սակայն Ապրիլի կէսէն սկսեալ ընկերութիւնը մտադիր է իրականացնել Երեւան-Գամիշլի թռիչքներ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր». «Այսօր»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը՝ անդրադառնալով նախորդ շաբթուայ մէջ հայ-ատրպէյճանական սահմանի որոշ  հատուածներուն վրայ