ԾԵԾ ՈՒ ԱՐԳԻԼՈՒՄ
Նախագահական նստավայրէն ներս երէկ Սերժ Սարգսեան ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը եւ դիմելով կառավարութեան նախկին անդամներուն ըսաւ. «Կասկածից վեր է, որ մեր քաղաքացիների մի հսկայական զանգուած դժգոհ է մեր աշխատանքից, բայց յարգելի գործընկերներ, ուզում եմ, որպէսզի դուք համոզուած լինէք, որ մարդիկ դժգոհ են ոչ թէ մարդկանցից, այլ եղած պրոբլեմներից»:
Նոյն պահուն Րաֆֆի Յովհաննիսեան «Ազատութեան» հրապարակին վրայ իր երդումը կը կատարէր, ըսելով թէ «Ես՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիս, այսօր լուծարում եմ իմ կապերը ներկայ անօրինական իշխանութեան հետ, յայտարարում եմ, որ չեմ ճանաչում կեղծ իշխանութիւններին, չեմ հնազանդելու սուտ օրէնքին, չեմ ենարթկուելու անիրաւ հրամաններին»։ Ապա հաւաքուած ժողովուրդին կոչ ուղղեց քալել դէպի Բաղրամեան պողոտայ։ Ան ըսաւ, որ ետքը պիտի երթան դէպի Ծիծեռնակաբերդ, ապա դէպի յաղթանակ։
Բաղրամեանի մօտ ցուցարարները ոստիկանական ուժերու հանդիպեցան, որ փակած էին ճամբան։ Բախումներ տեղի ունեցան եւ ձերբակալուեցան 10 գործիչներ, որոնք կը վանկարկէին՝ «Րաֆֆի նախագահ»։
«Ժառանգութեան» փոխ նախագահ Արմէն Մարտիրոսեանը ծեծի ենթարկուեցաւ եւ արիւնլուայ վիճակով տեղափոխուեցաւ ոստիկանութիւն։ Ոստիկանութիւնը ռետինէ մահակներով ծեծի ենթարկեց ժողովուրդը, որ կը պնդէր շարունակել իր ճամբան։ Բանակցութիւններ տեղի ունեցան։
Աշակերտական դասադուլ
Րաֆֆի Յովհաննէսեան, մօտենալով ոստիկաններուն, փորձեց ճեղքել պատնէշը, սակայն հանդիպեցաւ դիմադրութեան: Անկէ ետք, ուշ գիշերին ցուցարարները ուղղուեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդ: