Հայաստանի իշխանութիւնները որոշած են բանակցիլ Սամվէլ Ալեքսանեանի հետ՝ վերջինիս պատկանող «Երեւան Սիթի» խանութներու ցանցը ֆրանսական «Քարֆուր» ընկերութեան վաճառելու հարցի շուրջ:

Օրերս նման տեղեկութիւններ կը տարածեն տարբեր լրատուամիջոցներ։

Արդեօ՞ք այս տնտեսական քաղաքականութեան փոփոխութեան կտրուկ որոշում է ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ: Եթէ իշխանութիւնները իսկապէս կը ցանկան, որ «Քարֆուրը» գնէ Ալեքսանեանի այդ հսկայական խանութներու ցանցը եւ միանգամէն այդպիսի լայն ներգրաւուածութեամբ մուտք գործէ հայաստանեան շուկայ, կը նշանակէ, որ անոնք վերջապէս որոշած են ներկրման ու իրացման շուկան ապամոնոպոլիզացնելու քաղաքական կամք դրսեւորել: Ժամանակը ցոյց կուտայ...