ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Խումբ մը գիւմրեցիներու նախաձեռնութեամբ պիտի կայանայ քայլարշաւ՝ Գիւմրիի Թատերական հրապարակէն դէպի Երեւանի Ազատութեան հրապարակ՝ մասնակցելու 9 Ապրիլին կայանալիք հաւաքին:

Պռոշեանցիները եւ Հայաստանի տարբեր մարզերէն Պռoշեան հաւաքուած հազարաւոր մարդիկ անցնող շաբաթավերջին հրաժեշտ տուին իրենց մարտական ընկերոջ, արժանաւոր գիւղապետին՝ Հրաչ Մուրադեանին, որ օրեր առաջ դաւադիր փամփուշտի զոհ դարձած էր:

Gallup¬ի հրապարակած նոր տուեալներու հիմամբ, յետ խորհրդային 12 երկիրներու շարքին՝ Հայաստանի բնակիչները իրենց երկրէն արտագաղթել փափաքողներու ամէնէն բարձր տոկոսը (40%) կը կազմեն։

Մոմավառութիւն՝ Պռոշեանի սպաննուած գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի յիշատակին

Երէկ երեկոյեան Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ ի յիշատակ Պռոշեան գիւղի սպաննուած գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր-պաշտօնական ներկայացուցիչ Ռամին Մեհմանփարասթը: