Ապրիլ 9ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած միջադէպերուն ընթացքին՝ նկատելի էր ոստիկանութեան կողմէ ոչ համաչափ գործողութիւն՝ խօսքերով հանդէս եկաւ ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը, Ազգային Ժողովի նիստին ընթացքին:
Անդրադառնալով «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան փոխ նախագահ Արմէն Մարտիրոսեանի նկատմամբ կիրառուած ծեծին՝ Ա. Մինասեանը նախ դատապարտեց կատարուածը, ապա ըսաւ, որ այս պարագային եւս անհամաչափութիւն եղած է ոստիկանութեան կողմէ: