Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքին վրայ 24 Ապրիլին հակառակորդին կողմէ արձակուած գնդակին պատճառով վիրաւորուած է 1993 թուականի ծնունդ Իսրայէլ Գառնիկի Թարվերդեանը:

ՀՅԴ-ի Երեւանի քաղաքապետական աւագանիի ցուցակին մէջ երրորդ տեղը զբաղեցնող Արսէն Համբարձումեանը լրագրողներու հետ զրոյց մը ունեցաւ, բացատրելով որ ՀՅԴ երթ մը կազմակերպած է Երեւանի թաղամասերուն մէջ, նպատակ ունենալով շփուիլ ու զրուցել քաղաքացիներուն հետ, ծանօթանալով իրենց դիմագրաւած հարցերուն:

«Մենք կը շարունակենք ըլլալ ձեր խոնարհ ծառաները՝ սպասելով ձեր հրահանգներուն» խօսքերով հանդէս եկաւ Հայաստան եւ Արցախ այցելած Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Էլէնի Թեոխարուս, Ստեփանակերտի մէջ Արցախի խորհրդարանի պատգամաւորներու հետ հանդիպման ժամանակ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը անցնող օրերուն Հայաստանի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցչութեան կեդրոնէն ներս հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանի ԵՄ-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ներկայացուցիչներուն հետ:

Երէկ Ապրիլ 24, 2013-ի առաւօտեան, Եւրոպական միութեան խորհրդարան-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը նախագահութեամբ եւրոերեսփոխան դոկտ. Էլենի Թէոխարուսի (Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն, Կիպրոս) այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, իր յարգանքի տուրքը մատուցելու ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին։