«Արմաւիա» օդանաւային ընկերութեան մօտ 25 օդաչուներ ընկերութեան սնանկացման լուրը ստանալէ ետք «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ սպասողական վիճակի մէջ էին:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանեան «Կռունկ էյր» օդանաւային ընկերութիւնը պիտի փորձէ վերածնունդ տալ հայկական ընկերութեան՝ «Արմաւիա»ի սնանկացումէն ետք։

Ապրիլ 8-ին Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Մեքսիքոյի նորանշանակ դեսպան Ռուբէն Ալպերթօ Բելտրան Գեռերոյին՝ հաւատարմագրերու պատճէնի յանձնման կապակցութեամբ:

Պաշտօնապէս  բացուած  է  Մայիս  5ի 
Երեւանի  քաղաքապետական ընտրութիւններու 
նախընտրական  շրջանը

Երեւանցիներու վստահութեան քուէն ակընկալելով  Դաշնակցութիւնը վճռած է ձեռնամուխ ըլլալ քաղաքի եւ բնակչութեան առաջնահերթ խնդիրներու լուծման:

Մայիս 5ի ընտրութիւններուն համար նախընտրական շրջանը արդէն բացուած յայտարարուած է, իսկ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցող ուժերը կը հրապարակեն իրենց ծրագիրները: Կեդրոնական Ընտրական յանձնաժողովին ՀՅԴ ներկայացուցած է 65 հոգիէ բաղկացած համամասնական ցուցակ, որ կը գլխաւորէ ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը: Յաջորդող դիրքերուն վրայ են ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ ԳՄ փոխ ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը, ՀՅԴ ԳՄ փոխ ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը. ապա կը յաջորդեն՝ Ալեսիա Բեջանեան (Հանրային հեռուստաընկերութեան Առաջին լրատուականի մեկնաբան), Արթուր Եղիազարեան (ՀՀ ԱՍՀ նախարարութեան մոնիթորինգի բաժնի պետ- վարչութեան պետի տեղակալ, Արթուր  Ղազարեան (ՀՊՃՀ դասախօս), Յովհաննէս Սարգսեան՝ (ԱԺ ՀՅԴ ֆրակցիայի փորձագէտ), Մարգարիտա Խոստեղեան (չի աշխատիր), Արամ Նազարեան (ՀՀ ԿԳՆ ԿԱԻ բաժնի վարիչ), Լեւոն Գաբրիէլեան՝ (չի աշխատիր):

Լրիւ ցանկը, ինչպէս եւ քաղաքապետութեան հարցերու մասին մանրամասն վերլուծումներ ու ծրագիրներ կարելի է կարդալ www.arfd.am/yerevan2013 կայքէջի միջոցաւ:

Երեւանի աւագանիի Մայիս 5ին կայանալիք ընտրութիւնները պիտի կանխորոշեն ոչ միայն մայրաքաղաքի, այլեւ Հայաստանի զարգացման հեռանկարը: Յաղթանակ Երեւանի մէջ՝ կը նշանակէ յաղթանակ Հայաստանի մէջ: Մեր երկրէն ներս վճռորոշ, արմատական փոփոխութիւններու ժամանակն է: Երեւանցիներու ժամանակը:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները անցնող շաբաթավերջին տարածաշրջան այցելեցին ու կրկին կտրեցին հայկական եւ ատրպէյճանական զինեալ ուժերու միջեւ շփման գիծը՝ Ղարաբաղի տարածքէն հետիոտն անցնելով Ատրպէյճանի տարածք: