Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Փաթրիք Վենթրել յայտնած է, որ «Ուաշինկթըն ղարաբաղեան տագնապի բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ ուժի կիրարկումէն զերծ մնալ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վենթրել այդ յայտարարութիւնը կատարած է, պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողի մը այն հարցումին, թէ «Ուաշինկթըն ունի՞ արդեօք որոշ ծրագիր ղարաբաղեան հարցի լուծման բանակցային հոլովոյթը յառաջ մղելու համար»:

«…Միացեալ Նահանգներ, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ երկիր, կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու ուղղութեամբ կողմերուն հետ աշխատանքները շարունակելու գաղափարին: Մենք կը կարծենք, որ տագնապը ուժի կիրարկումով պիտի չլուծուի, եւ տագնապի բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք ուժի կամ ատոր սպառնալիքի կիրարկումէն զերծ մնալու», ըսած է ան: