Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի երրորդ նիստը, զոր վարեց յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ԵԽԽՎի Բիւրոյի նիստը, ուր հռչակագիր ստորագրուեցաւ ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ  

Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին մէջ Հայաստանի նախագահութիւնը կրնայ նոր թափ հաղորդել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով ի գործ դրուած ջանքերուն։

Հայաստանի մէջ կայ նո՞ր երեւոյթ մը 

ՀԱԿ-ի խմբակցութեան երեսփոխան Արամ Մանուկեան Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ պնդած է, որ Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանի մէջ իրագործուող «Հայրենակիցներ» ծրագիրը կասեցուած է մինչեւ 2016 թուականը, որովհետեւ մարդկային հոսքը հասած է առաւելագոյն սահմանին:

Մայիս 29, 2013-ին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իրականացաւ «Հայոց ցեղասպանութիւն՝ ազգերու հաշտեցման կամուրջ» խորհրդաժողովը, համակազմակերպութեամբ Եւրոպական խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբին եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակին:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր օդային փոխադրամիջոցներու գլխաւոր վարչութեան աշխատակազմի ղեկավար Սահակ Յակոբեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցի ընթաքին յայտնած է, թէ «Արմաւիա»-ի սնանկանալէն ի վեր ստեղծուած լարուած կացութիւնը գրեթէ վերացած է։