Պրիւքսելի մէջ Չորեքշաբթի օր Եւրոպական խորհրդարանը աւարտեց Արեւելեան գործընկերութեան Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի 3-րդ լիագումար նիստը, ուր կը մասնակցէր նաեւ հայկական պատուիրակութիւնը:

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Ժան-Քլոտ Մինյոնը Պաքու այցելած է: Լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ան յոյս յայտնած է որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան այս տարի յառաջղացում պիտի ապահովեն Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային գործընթացին մէջ:

Աննախադէպ բարձր ցուցանիշ  Յունուար-Ապրիլ ամիսներուն մէջ երկրէն մեկնածներու թիւի

Յունուարէն-Ապրիլ երկարող չորս ամսուայ ժամանակամիջոցին մէջ Հայաստանէն մեկնած է 229.864 մարդ: Նախորդ տարույ նոյն ժամանակահատուածին այդ թիւը՝ 8.542 էր:

ՄԻՆՍՔԻ ԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵՆ

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Մայիս 23ին, Ալիեւ ընդունած է Մինսքի խումբի համանախագահները՝ ռուս Իկոր Փոփովը, ամերիկացի Իան Քելլին, ֆրանսացի Ժագ Ֆօռը եւ անոնց ընկերացող՝ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնավարող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասփրչիկը։

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Ոսկէ ծիրան» երեւանեան միջազգային 10րդ շարժապատկերի փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 7-14 Յուլիս: Այս տարի եւս փառատօնի գլխաւոր հովանաւորն է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը: