Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ԵԽԽՎի Բիւրոյի նիստը, ուր հռչակագիր ստորագրուեցաւ ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ  

Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին մէջ Հայաստանի նախագահութիւնը կրնայ նոր թափ հաղորդել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով ի գործ դրուած ջանքերուն։

«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է ԵԽԽՎի նախագահ Ժան Քլոտ Մինէօնը: Ան աւելցուցած է, որ իրենք պատրաստ են այս ուղղութեամբ ընթանալու՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար:

ԵԽԽՎի նախագահը նշած է, որ իրենք կը քաջալերեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրին մէջ ընթացող բանակցութիւնները: «Ատիկա միջազգայնօրէն բոլորին կողմէ ճանաչուած բանակցութիւններու ձեւաչափն է, իսկ մենք՝ որպէս խորհրդարանական յանձնաժողովի անդամներ, պէտք խրախուսենք քաղաքական հաշտեցումը», յայտնած է ան՝ ընդգծելով, որ Մինսկի խումբի համանախագահները ունին Եւրոպայի խորհուրդի անդամ 47 երկիրներու խորհրդականներու օգնութեան կարիքը՝ իրենց առաջարկները կեանքի կոչելու համար:

ԵԽԽՎի նախագահը նշած է, որ նախագահութեան ստանձնումը պատմական իրադարձութիւն է Հայաստանի համար, իսկ աւելի ուշ կրնայ պատմական դառնալ նաեւ Ատրպէյճան համար, քանի որ ԵԽ նախարարներու կոմիտէի նախագահութեան ստանձնումը իւրայատուկ երեւոյթ է: Ան մատնանշած է այն երեւոյթը, որ Նախարարներու կոմիտէին մէջ Հայաստանի նախագահութեան ստանձնումը կը համընկնի Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ կնքուած Ելիսէեան հաշտութեան պայմանագիրի 50ամեակի հետ: «Անկարելի ոչինչ չկայ: Եթէ Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ հաշտութիւնը կարելի եղած է, ապա անիկա պէտք է կարելի դառնայ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ», դիտել տուած է Մինէօնը՝ ընդգծելով, որ ինք սերտօրէն կը համագործակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահին հետ եւ պատրաստ է ամէն իմաստով աջակցելու Մինսկի խումբին:

Խօսելով Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնաժողովի կազմութեան մասին՝ ԵԽԽՎի նախագահը նշած է, որ իր նախորդներուն նախաձեռնութեամբ ստեղծուած յանձնաժողովը չէր կրնար աշխատիլ այն պատճառով, որ կողմերէն մէկը կը հրաժարէր անոր աշխատանքը օրինական նկատելէ: «Ես կը փափաքէի, որ այդ հարցին մէջ յառաջընթացի ուղղութեամբ աշխատէր ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը: Բոլոր երկխօսութիւնները պէտք է Մատրիտեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած ըլլան: Մենք պէտք չէ հանդէս գանք Մինսկի գործընթացին խանգարող նախաձեռնութեամբ», նշած է ան։

Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Վերաբերող Հռչակագիր՝ ԵԽԽՎի Մէջ 

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ԵԽԽՎի մնայուն յանձնաժողովի եւ Բիւրոյի նիստերուն ընթացքին ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ հռչակագիր ստորագրուած է:

«ԵԽԽՎն լիակատար աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրին մէջ՝ «Մատրիտեան սկզբունքներ»ու հիման վրայ ընթացող բանակցութիւններուն, որոնք նոր հիմք կը ստեղծեն ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար: Վեհաժողովը կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ օգտուելու Եւրոպայի Խորհրդի նախարարներու կոմիտէին մէջ իրենց նախագահութեան առիթներէն՝ ԵԱՀԿ ՄԽ շրջանակներուն մէջ հակամարտութեան կարգաւորման յառաջընթացի եւ գործնականացման համար: Ատիկա պէտք է ըլլայ գերակայութիւն Հայաստանի նախագահութեան, ապա Ատրպէյճանի նախագահութեան մօտ։

«ԵԽԽՎն խորհրդարանական դիւանագիտութեան միջոցով պատրաստ է ընել ամէն ինչ՝ իր լիազօրութիւններու ծիրին մէջ երկխօսութեան ծաւալման եւ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման համար», գրուած է հռչակագիրին մէջ։