ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստան» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստի ծիրին մէջ կը շարունակուին աւարտած ենթակառուց-ւածքներու բացումներն ու տարբեր ծրագիրներ տրուած այցելութիւնները։

Դրոյի գերեզմանին մօտ աւելի քան երկու տասնեակ երիտասարդներ երդում կատարեցին համալրելով Հ.Յ.Դ. Ուսանողական միութեան շարքերը: Վայրը պատահական չէր, օրը՝ նոյնպէս:

Անձնական այցելութեամբ Երեւան գտնուեցաւ երէկ, Մեծն Բրիտանիոյ գահաժառանգ Չարլզը: Ան Մատենադարան այցելեց, ուր խորապէս տպաւորուեցաւ թանկագին ցուցանմուշներէն:

Հայ  ժողովուրդը  լաւապէս կը  գիտակցի որ  անկախութիւնը  երբեք  չէ  տրուած իբրեւ  նուէր,  այլ  առնուած  է  իբրեւ  իրաւունք:  Ազատ  ու անկախ  հայրենիքը  ժողովուրդի  վճռական  որոշման, անսահման  զոհողութեան  եւ  քաղաքական հասունութեան  արդիւնք  է:

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Սպառողների աջակցման կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Աշոտ Միրզոյեան այս ամիս գործածած կազի գումարը պիտի չվճարէ եւ կոչ ուղղած է բոլորին՝ նոյնը ընելու եւ պաշտպանելու սեփական իրաւունքները, այսպիսով պայքարելով կազի գինի բարձրացման դէմ: