ՄԻՆՍՔԻ ԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵՆ

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Մայիս 23ին, Ալիեւ ընդունած է Մինսքի խումբի համանախագահները՝ ռուս Իկոր Փոփովը, ամերիկացի Իան Քելլին, ֆրանսացի Ժագ Ֆօռը եւ անոնց ընկերացող՝ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնավարող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասփրչիկը։

Մինսքի պատուիրակութիւնը Մայիս 24ին Պաքուէն Երեւան ժամանած է եւ ընդունուած նախագահ Սարգսեանի կողմէ:

Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին եւ յետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր. այս մասին կը տեղեկացնէ նախագահի գրասենեակի հանրութեան հետ կապերու եւ լրատւութեան վարչութիւնը՝ առանց մանրամասնութիւններ տալու:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս նոյն օրը խորհրդակցութիւններ ունեցած է այցելու դիւանագէտներուն հետ: Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ այս հանդիպումին քննարկուած են ղարաբաղեան խնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու կարելիութիւնները:

Համանախագահները նախարար Նալբանդեանին ներկայացուցած են Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն իրենց տպաւորութիւնները:

Իր կարգին, Էդուարդ Նալբանդեան համանախագահներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է բանակցային գործընթացի էութիւնն ու բնոյթը խեղաթիւրող ատըրպէյճանական կողմի շարունակական յայտարարութիւններուն վրայ, որոնք չեն նպաստեր գործընթացի յառաջխաղացքին:

Համանախագահները այս անգամ Լեռնային Ղարաբաղ չեն այցելած:


ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՆԱՎԷՃ ՍՏԵՂԾԱԾ Է

Իկոր Փոփով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին հետ զրոյցին ըսած է, որ աշխատանք կը տանին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու նոր հանդիպում մը կազմակերպելու համար:

Պատասխանելով Մայիս 21ին Մոսկուայի մէջ ատըրպէյճանցի իր պաշտօնակից Էլմար Մամէտեարովի հետ հանդիպումէն ետք սթաթուս քուոյի անընդունելիութեան եւ գրաւեալ տարածքները վերադարձնելու մասին Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան վերաբերող հարցումի մը՝ Փոփով ըսած է. «Լաւրով այդպիսի բան չէ ըսած: Ան ըսած է, որ սթաթուս քուօն ձեռնտու է ոչ մէկուն՝ ո՛չ Ատրպէյճանին, ո՛չ համանախագահող երկիրներուն, ո՛չ Հայաստանին՝ նկատի առնելով տնտեսական շրջափակումը: Ձեռնտու չէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղին: Մենք կը մտածենք, որ բանակցային գործընթացին մէջ պէտք է ըլլայ յառաջընթաց, եւ այդ յառաջընթացին որպէս արդիւնք՝ ի վերջոյ պէտք է ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիր: Ասոր մասին է խօսքը»:

Նշենք սակայն, որ Լաւրով ճիշդ ու ճիշդ ըսած էր հետեւեալը. «Սթաթուս քուօն, անշուշտ, անընդունելի է բոլորին համար: Նախ՝ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրողներուն համար. ես ատոր խորապէս համոզուած եմ: Սթաթուս քուօ կը նշանակէ ոչ միայն ատրպէյճանական տարածքներու վերադարձի հարցին անլոյծ մնալը, այլեւ՝ Հայաստանի տնտեսական շրջափակումը: Այդ պատճառով, հոս կարիքը չկայ ոեւէ մէկը համոզելու՝ այդ կարգավիճակի անընդունելիութեան մասին»:

Ռուս համանախագահը աւելցուցած է, որ հակամարտութեան կարգաւորման՝ այսօր քննարկուող վեց կէտերը կը ներառնեն թէ՛ տարածքներու վերադարձի եւ թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի հարցերը: