Հայաստանի մէջ կայ նո՞ր երեւոյթ մը 

ՀԱԿ-ի խմբակցութեան երեսփոխան Արամ Մանուկեան Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ պնդած է, որ Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանի մէջ իրագործուող «Հայրենակիցներ» ծրագիրը կասեցուած է մինչեւ 2016 թուականը, որովհետեւ մարդկային հոսքը հասած է առաւելագոյն սահմանին:

Նշենք, որ «Հայրենակիցներ» ծրագիրը՝ Ռուսաստանի հեռաւոր անկիւններուն մէջ մնայուն բնակութիւն հաստատելու յօժարող մարդիկ կը հաւաքագրէր եւ այդ ուղղութեամբ նոյնիսկ գրասենեակներ կը գործէին տարբեր երկիրներու մայրաքաղաքներու մէջ, Ռուսիոյ դեսպանութեանց հսկողութեան տակ:

Ա. Մանուկեան ըսած է, որ Հայաստանի մէջ կայ նոր երեւոյթ մը՝ մարդիկ ոչ թէ կ'արտագաղթեն, այլ ուղղակի կը դառնան Ռուսաստանի քաղաքացիներ:

ՀԱԿ-ի երեսփոխանին կարծիքով՝ Հայաստանի մէջ մենաշնորհներուն դէմ պայքար չի մղուիր: «Մարդիկ երկու ճանապարհ ունեն՝ կամ պէտք է ըմբոստանան, կամ հեռանան երկրից»,- ըսած է ան, դատապարտելով երեւոյթը, որ քաղաքացի- ները երկրէն հեռանալու կը մղէ: