Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Ժան-Քլոտ Մինյոնը Պաքու այցելած է: Լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ան յոյս յայտնած է որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան այս տարի յառաջղացում պիտի ապահովեն Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային գործընթացին մէջ:
«2013 թուականին Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը յաջորդաբար նախագահութիւնը պիտի ստանձնեն Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէին մէջ։ Այդ՝ երկու պետութիւններուն կÿընձեռէ հակամարտութեան լուծում գտնելու պատմական հնարաւորութիւն», - ըսած է Մինյոնը եւ աւելցուցած, որ երկու երկիրները պարտաւոր են այս տարի յստակ քայլեր ձեռնարկել խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ։
Ան նաեւ նշած է, թէ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի աշխատանքներու ծիրէն ներս ինքը պարբերաբար կը հանդիպի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւններու ղեկավարներու հետ, կը քննարկէ ղարաբաղեան թեման, բացի այդ, պարբերաբար տեղեկութիւններ կը ստանայ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահէն։
«Այս տարի կը լրանայ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի 50-րդ տարին։ Այդ պայմանագիրը կրնայ որպէս լաւ օրինակ ծառայել նաեւ հայերու ու ատրպէյճանցիներու համար, քանզի կը վկայէ, որ յարատեւ խաղաղութիւնը իրագործելի նպատակ է», - ըսած է է Ժան-Քլոդ Մինյոնը: