Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր օդային փոխադրամիջոցներու գլխաւոր վարչութեան աշխատակազմի ղեկավար Սահակ Յակոբեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցի ընթաքին յայտնած է, թէ «Արմաւիա»-ի սնանկանալէն ի վեր ստեղծուած լարուած կացութիւնը գրեթէ վերացած է։

“Մենք բանակցութիւններ կը վարենք արտասահմանեան շարք մը օդանաւային ընկերութիւններու հետ, որոնց որպէս արդիւնք՝ անոնք աւելցուցած են իրենց թռիչքներու թիւը եւ խոստացած են չսղցնել տոմսակներու գիները”,- ընդ- գծած է Ս. Յակոբեան։

Ինչ կը վերաբերի օդաչուներու մեկնումի լուրջ հարցին, Սահակեան ըսած է, թէ տեղեակ է, որ որոշ օդաչուներ կը հեռանան երկրէն, սակայն ճանչնալով զանոնք՝ ինք կ’ենթադրէ, թէ հեռացողները կը վերադառնան, երբ ստեղծուին հայկական օդանաւային գիծեր: