ՀՄԸՄի 95ամեայ պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով, համա-ՀՄԸՄական 9րդ խաղերը տեղի պիտի ունենան Երեւան, 27 Յուլիսէն 3 Օգոստոս 2013ին։

Ուրբաթ, Մայիս 24ին Հայաստանի ամբողջ տարածքին հնչեց դպրոցական այս տարեշրջանի վերջին զանգը: Փակուեցաւ կրթական տարին: Այս տարի երեսուն հազար շրջանաւարտ վկայուեցաւ Հայաստանի 1400 կրթական օճախներէն:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Եռագոյն».- Ռուսիա մտադիր է այսուհետեւ նոյնպէս սատարել Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման աշխատանքներուն՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ, ինչպէս նաեւ այլ միջոցներով.

ՀՀ Ազգային ժողովէն ներս, արտահերթ կարգով, երէկ         քննարկուեցաւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներու հեղինակած օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը, ուր կÿառաջարկուի փոփոխութիւն կատարել «Ընտրական օրէնսգրքում», որ թոյլ պիտի տայ ընտրութիւններէն յետոյ հրապարակել ընտրութեան մասնակցած քաղաքացիներու ցուցակները:

Ռազմական վարժողական ծրագրերու ցուցադրութեամբ, պարգեւատրումներով եւ լրագրողներուն ու հետաքրքրուողներուն համար տեղեկութիւններու փոխանցումով յատկանշուեցաւ Արտաշատի սահմանապահ զօրամասի բաց դռներու օրը: