ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Վերջին մէկ տարուան ընթացքին «Հասարակութիւն առանց բռնութեան» հասարակական կազմակերպութեան արագ արձագանգման խումբը բացայայտած է կիներու նկատմամբ բռնութեան 20 դէպք, որոնցմէ եօթի պարագային կիները մահացած են։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու 6րդ օրը, Հինգշաբթի, 1 Օգոստոս 2013ին, մարզախաղերու մասնակից մարզիկ-մարզիկուհիները եւ պատասխանատուները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ, յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին հայկական Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին։

Շաբաթ, 3 Օգոստոսի յետմիջօրէին, Երեւանի «Միկա» պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն հանդիսաւոր փակումը: Խաղերը ընթացք առած էին շաբաթ մը առաջ՝ 27 Յուլիսին, 17 երկիրներէ համախմբելով 650 մարզիկներ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Զուարթնոց» օդակայանին միջոցով այս տարուան Յունուար-Յունիսին Հայաստանէն մեկնած է 363 հազար մարդ՝ նախորդ տարուան 384 հազարի փոխարէն:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տաւուշի մարզին մէջ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու համար նախատեսուած է աւելցնել հիւրատուներուն քանակը: