ՀՄԸՄ-ի մարզական 9-րդ խաղերու մասնակիցները կը շարունակեն իրենց մրցումները: Երէկ, մարզախաղերու 4րդ օրուան ընթացքին, անոնք հիւրընկալուեցան Արտաշատ։

 Թեթեւ աթլեթիզմի մրցապայքարին մէջ իրենց ուժերը փորձեցին 11 երկիր ներկայացնող երիտասարդներ: Վազք, գունդի հրում եւ հեռացատկ ձեւերուն մէջ խումբերու միջեւ թէժ պայքար ընթացաւ: Բոլոր խումբերը կը ձգտէին մեծ արդիւնքեր արձանագրել, սակայն յաջողութիւնը հիմնականօրէն Լիբանանի խումբինն էր:

Մրցումներ կայացան տղոց եւ աղջիկներու 1550 մեթր վազքի, նոյնպէս՝ 100 եւ 400 մեթր վազքի եւ հեռացատկի մէջ:  

ՀամաՀ.Մ.Ը.Մ.-ական 9րդ մարզախաղերու մրցումները կը շարունակուին ամէնօրեայ դրութեամբ։

Արդիւնքներուն հետեւելու եւ նկարներու համար կրնաք այցելել www.homenetmen.org կայքէջը, ինչպէս նաեւ Homenetmen-HASK էջը։

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծագումը

(Հ.Մ.Ը.Մ.ի 95-ամեակին առիթով)

Երբ Լորտ Պէյտըն Փաուըլ1907-ին սկաուտութեան հիմը կը դնէր, անոր անմիջական նպատակն էր պատրաստել գիտակից եւ օգտակար քաղաքացիներ։ Անշուշտ ամէն ազգ կը փափաքէր այդ նպատակը իրագործել, սակայն կարգ մը ժողովուրդներ, որոնց կարգին՝ հայ ժողովուրդը, անոր անմիջական անհրաժեշտութիւնը կը զգային։ Արդարեւ, սկաուտութիւնն էր որ պատանիին պիտի տար նկարագրի եւ ֆիզիքականի դաստիարակութիւն ու ճիշդ այդ էր որ կը պակսէր հայ ժողովուրդին։

Պոլսոյ մտաւորական դասակարգը, ըմբռնելով այս շարժման կարեւորութիւնը, առիթ պիտի ընծայէր սկաուտական խումբերու ստեղծման։ Հետզհետէ սկաուտութիւնը պիտի գրաւէր ուշադրութիւնը հայ հասարակութեան, որ իր կարգին ականատես պիտի ըլլար նոյնպէս ուշագրաւ երեւոյթի մը՝ մարմնակրթանքին։

Նկատելով որ երկու շարժումներն ալ կը ձգտէին միեւնոյն նպատակին, հայ մտաւորականները յարմար նկատեցին սկաուտութիւնն ու մարմնակրթանքը մէկտեղել մէկ դրօշի ներքեւ։ Ահա այսպէս յառաջ եկաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որ ապագայ սերունդ- ներու գլխաւոր կերտիչը հանդիսացաւ։

* * *

Քսաներորդ դարու առաջին տասնամեակին, հայ ժողովուրդը տակաւին կþանցընէր զարթօնքի շրջան մը։ Պոլիս Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքը ըլլալով, դարձած էր թրքահայաստանի մշակութային կեդրոնը. հետեւաբար, Պոլսոյ հայ հասարակութիւնը ականատեսը կ'ըլլար վերածնունդի վերաբերող բազմաթիւ երեւոյթներու, որոնցմէ մէկը կը հանդիսանար մարմնամարզը։ Արդ, 1900-էն սկսեալ, Պոլսոյ մէջ ծնունդ առնել սկսած էին ֆութպոլի խումբեր, որոնց թիւը յարատեւ աճի մէջ էր։ Սակայն մինչեւ 1908, մարզական կեանքը կը բնորոշուէր ֆութպոլով ու քիչեր էին, որ ֆութպոլին հետ կը մշակէին մարմնակրթանքի այս ճիւղեր։

Մարմնակրթանքի ընդհանրացումի հարցը օրուան ղեկավարներուն գլխաւոր մտահոգութիւնը կը հանդիսանար։ Միեւնոյն ժամանակ անոնց ջանքն էր իրենց հետեւորդներուն հասկցնել «մարզական ոգին»։ Չէր բաւեր լաւ ֆութպոլ խաղալ, այլ պէտք էր նկարագրի կազմութիւն, վեհանձնութիւն եւ փոխադարձ յարգանք։

Այս բոլորը իրագործելու համար, հարկ էր ունենալ ուղղութիւն տուող անձ մը եւ այս մղիչ ուժը պիտի հանդիսանար լայն ընդունակութիւններով օժտուած երիտասարդ մը՝ Շաւարշ Քրիսեան։

Քրիսեան մարմնակրթանքի հանդէպ խոր համոզում ունեցող ու անոր անհրաժեշտութիւնը իբրեւ սկզբունք որդեգրող անձ մըն էր, որ ամէն ճիգ պիտի թափէր ազգին զաւակները կրթելու։ Գործակցութեամբ Գրիգոր Յակոբեանի, Հինդլեանի, Քաջունիի, Չերազի ու բազմաթիւ ուրիշներու, Շաւարշ Քրիսեան կը ձգտէր նոր ու խորունկ ակօս մը բանալ հայ մարմնակրթական շարժման մէջ։ Իր տեսակէտը տարածելու նպատակով, Քրիսեան, իր անմիջական գործակիցներուն օժանդակութեամբ, 1911-ի Փետրուարին կը հրատարակէր «Մարմնամարզ» պարբերաթերթը։ «Մարմնամարզ»ի հրատարակումով, հայ մարզական կեանքը կը մտնէր նոր փուլի մէջ։ Առաջին թիւով իսկ Քրիսեան կþարտայայտուէր. «Մեր նպատակը պիտի ըլլայ մարդ պատրաստել ու մարդեր են որ կը պակսին մեզի»։

Նոր ակումբներու հիմը դնելու կոչը ընելէ ետք, «Մարմնամարզ» փափաք կը յայտնէ կազմելու «Կեդրոնական Մարմնամարզական Ակումբ» մը՝ մարմնակրթանքը աւելի զօրաւոր հիմերու վրայ դնելու նպատակով։ Այս կոչը լայն արձագանգ կը ստեղծէ ու 1911 Ապրիլ 8-ին «Մարմնամարզ»ի խմբագրատան մէջ տեղի կ'ունենայ առաջին խորհրդակցական ժողովը։ Ընդհանուրի փափաքին վրայ, կ'որոշուի կազմակերպել մարզահանդէս մը. այս մարզահանդէսը կը նկատուի հայկական ողիմպիական խաղերու առաջինը։

Օրերու հետ արմատ ձգող մարմնակրթանքի շարժումը հանրութեան մէջ մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէր վեց ամիս ետք, Պոլսոյ մէջ, լաւ կազմակերպուած խումբերու թիւը կը հասնէր տասնութի։

Այս խումբերուն բազմանալը որքան հաճոյք եւ գոհունակութիւն կը պատճառէր, նոյնքան մտահոգութիւն կուտար «Մարմնամարզ»ի շրջանակին։ Անհրաժեշտ էր, խումբերու ճիգերը աւելի արդիւնաւոր դարձնելու համար, իրագործել՝ զանոնք միացնելու կենսական խնդիրը։ Որքան ակումբներու անջատ գոյութիւնը, նոյնքան գաւառներու անկազմակերպ վիճակը կը մտահոգէր Քրիսեանը։ Այս պատճառով ալ ան կը գրէր.

«Ցաւով ստիպուած եմ խոստովանիլ, թէ Պոլսոյ մէջ տակաւին կանոնաւոր հայ մարմնամարզական ակումբ գոյութիւն չունի, անշուշտ ակումբ բառը իր իսկական իմաստով նկատի ունենալով»։

Եթէ Քրիսեանի միտքը չարչրկողը ակումբներու անջատ վիճակն էր, անոր գլխաւոր մտահոգութիւնը երիտասարդութեան կազմակերպումն էր։ Արդ, ան կը ձգտէր երիտասարդները մէկտեղել մէկ դրօշի ներքեւ, կարենալ կերտելու ապագայ իտէալ հայը։ Ահա այս նպատակի գլխաւոր կերտիչները պիտի հանդիսանային Քրիսեանի որոշումով՝ «Նոր աղանդաւորները», այլ խօսքով՝ հայ սկաուտները։

Անգլիացի զօրավար Պէյտըն Փաուըլի սկաուտական շարժումին արձագանգը տակաւին եւրոպական բազմաթիւ երկիրներէ ներս չթափանցած, հայոց մօտ կը գտնէր լայն ընդունելութիւն։ Ըմբռնելով այդ շարժման կարեւորութիւնը, «Մարմնամարզ» կը դառնայ այս շարժման գաղափարախօսականը ու Հինդլեան առաջինը կ'ըլլայ մեկնաբանելու սկաուտութիւնը։ Բացատրելէ ետք այս գեղեցիկ շարժման իմաստն ու օգտակարութիւնը, կուգայ հետեւեալ եզրակացութեան.

«... Ես հիմա պիտի փափաքէի որ Պէյտըն Փաուըլի հիմնած սկաուտներու ակումբներու նման ակումբ մը հիմնելու ետեւէն չըլլաք, այլ ձեր բարքերուն մէջ մտցնէք այդ ձեռնարկին ոգին, որ կը հաւատամ թէ շատ յարմար է ազնուացնելու մեր ցեղը, եւ գիտենք թէ մեր ցեղը որքա՜ն պէտք ունի ազնուանալու»։

Հինդլեանի կոչը մեծ ազդեցութիւն կ'ունենայ հայ հասարակութեան մօտ ու շուտով փափաք կը յայտնուի սկաուտական խումբեր կազմելու։ Շարժումը նախ կը սկսի դպրոցներէն ներս ու Հինդլեան-Մալաթեան Նոր Դպրոցը առաջին դպրոցը կþըլլայ սկաուտութիւնը քաջալերող, սակայն առաջին հայ սկաուտներու խումբը կազմած ըլլալու պատիւը կþերթայ Սկիւտարի հայ երիտասարդութեան։

Օրէ օր, սկաուտութիւնն ու մարմնակրթանքը ալ աւելի կը խրախուսեն հայ երիտասարդութիւնը, ըլլայ Պոլիս, ըլլայ գաւառներու մէջ։ Անշուշտ ղեկավարներու համար մեծ ուրախութիւն էր այս, որ ցոյց կուտար, թէ երեք տարի առաջուան գեղեցիկ ծրագիր թուելիք գաղափարները փաստօրէն իրականութեան վերած-ւած էին։ Այս ըմբռնումով էր որ Շաւարշ Քրիսեան «Մարմնամարզ»ի մէջ կը գրէր.

«Անձնական համոզումով, անհատական նախաձեռնութեամբ ու գաղափարին համակիր անձերու օժանդակութեամբ հիմնած ենք Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութիւն եւ Հայ Սկաուտներ անուն կազմակերպութիւն մը։ Առաջինը, գէթ իբր գաղափար բոլորովին նոր պէտք չէ ըլլայ մեր ընթերցողներուն... Երկրորդ շարժումը, թէեւ իբր գաղափար դեռ շատ նոր է մեզ համար, սակայն իրականին մէջ Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութենէն տարբեր նպատակ չունի։ Երկուքին ալ նպատակն է հայ ցեղի «բարոյական եւ ֆիզիքական ազնուացման աշխատանք»։ Հետեւաբար, երկուքն ալ միջոցներ են եւ ոչ անջատ նպատակներ. ինքնին իրարու օժանդակ են»։

Այս խօսքերով, հայ մարմնակրթանքի յառաջապահ Շաւարշ Քրիսեան կեանքի կը կոչէր Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը եւ ինք պատրաստուած էր այդ անունով ողջունելու հայկական չորրորդ Նաւասարդեան ողիմպիականը, երբ պայթեցաւ համաշխարհային առաջին պատերազմը։

Պատերազմին հետեւեցան Մեծ Եղեռնը ու տեղահութիւնը. խորտակուեցաւ հայ երիտասարդութիւնը, փճացաւ մտաւորական սերունդը ու բազմաթիւ ուրիշներու շարքին՝ Շաւարշ Քրիսեան զոհ գնաց Ապրիլեան այդ ահաւոր Եղեռնին։ Վրայ հասաւ զինադադարը ու այս անգամ ալ մէջտեղ եկան հազարաւոր որբերու եւ գաղթականներու կարաւանները։

Նկատի ունենալով հայութեան այս ահաւոր վիճակը, Քրիսեանի նախկին գործակիցներն ու հասակ նետած երիտասարդները կþորոշեն ոտքի կանգնիլ ու վերստին համախմբել պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը դրօշի մը ներքեւ։ Պատերազմի յառաջացուցած ազգային մեծ աղէտին վրայ, անոնց դիւրին պիտի ըլլար արտասանել Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն անունը, որովհետեւ նման կազմակերպութիւն մը անհրաժեշտ էր այդ օրերուն, որպէսզի իր թեւերուն տակ առնէր հայ պատանին, երիտասարդը, բայց մանաւանդ ծնողազուրկ հազարաւոր հայ որբերը։

Այս պատասխանատու գործին նախաձեռնողը պիտի հանդիսանար Քրիսեանի աշխատակիցներէն Գրիգոր Յակոբեան, որուն նպատակն էր ֆիզիքական կրթութեան հետ՝ այդ բազմահազար որբերուն տալ ազգային գիտակցութիւն եւ այդ վերապրող խլեակներէն կերտել նոր ՀԱՅը։ Այս համոզումով է որ ան կ'որոշէ խորհրդակցութեան կանչել մարզական ու սկաուտական շարժումներու վեթերանները, իրագործելու համար մարզանքն ու սկաուտութիւնը միակ կազմակերպութեան մը մէջ միացնելու գաղափարը։

Գրիգոր Յակոբեանի կոչը անպատասխան չմնաց, ու 1 Նոյեմբեր 1918-ին տեղի ունեցաւ պատմական նիստը. ներկայ էին Հայկ Ճիզմէճեան, Տիգրան Խոյեան, Գարլօ Շահինեան, Լեւոն Յակոբեան եւ Սիրունի. բոլորն ալ կը բաժնէին Գրիգոր Յակոբեանի տեսակէտը։ Առաջին նիստին իսկ, մարմնակրթանքն ու սկաուտութիւնը միացուեցան մէկ դրօշի տակ, իբրեւ լրացուցիչ մաս իրարու եւ այսպէսով ծնունդ առաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը։

Ներկաներն են որ կազմեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին խարիսխը՝ իբրեւ Կեդրոնական Վարչութիւն, քանի մը բացականեր միացնելով իրենց, ինչպէս՝ Յովհաննէս Հինդլեան, Ժ. Խորասանճեան, Գ. Մերճանօֆ։ Շատ շուտով Հ.Մ.Ը.Մ.ունեցաւ իր նպատակը բացատրող նշանաբան մը, յանձին թուաբանագէտ Պետրոս Ատրունիի, որ յղացաւ «Բարձրացի՛ր բարձրացուր»ը։

Հաւատարիմ այս նշանաբանին, Պոլսոյ մէջ լայն ընդունելութիւն գտած այս միութիւնը չմոռցաւ իր ազգակիցները, Կեդրոնական Վարչութիւնը բազմաթիւ առաքելութիւններ ղրկեց գաւառ ու Անկախ Հայաստան՝ հոն եւս կազմակերպելու մարզական եւ սկաուտական զոյգ շարժումները։

«Մարզիկ»