Նարեկացի արուեստի կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւարտական հանդէսը: Ֆորումականները հանդէս եկան պարով, խմբերգով, զուգերգով մը, նուագով եւ թատերական ներկայացումով:

Մասնակիցներուն կողմէ պատրաստուած սահիկներու ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէր ֆորումականներն ու անոնց առօրեան հաւաքին ընթացքին:  

Արցախ տուած երկօրեայ այցելութեան առաջին օրը Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Ազգային ժողովի դահլիճ, ուր Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Արցախի մասին սպառիչ տեղեկութիւններ փոխանցեց, անդրադարձաւ անոր պատմական-մշակութային արժէքներուն, ռազմական սխրանքներուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Ան աւելցուց, թէ իւրաքանչիւր երիտասարդ կրնայ իր մասնագիտացումի ճամբով օգտակար ըլլալ Հայաստանին ու Արցախին:

Երկրորդ այցելութեան վայրը Ստեփանակերտի զօրամասերէն՝ 8-րդ պաշտպանական շրջանն էր, ուր ուսանողները ծանօթացան զինուորական առօրեային, ստացան ռազմավարական գիտելիքներ. հաւաքի մասնակիցները յանձնեցին մարզական սարքեր՝ իբրեւ խորհրդանշական նուէր:

Յաջորդ հանգրուանը Գանձասարն էր, ուր ուսանողներուն փոխանցուեցան տուեալ կոթողին մասին մանրամասնութիւններ: Օրուան վերջին կայքը Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանն էր. ֆորու- մականները ծանօթացան անոր կեանքին ու գործունէութեան, ապա այդ շինութեան կողքին՝ բնութեան գիրկը, Արցախի լեռներով շրջապատուած խորոված պատրաստեցին, կերան ու երգեցին մինչեւ կէս գիշեր:

Երկրորդ օրը ֆորումականները առաւօտեան այցելեցին Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին, ապա Նարեկացի արուեստի դպրոցը, ուր տեղի կþունենայ Արամ Մանուկեան ճամբարը: Պանդոկ վերադառնալէ առաջ հաւաքի մասնակիցները կանգ առին Ջդրդուզ ու ծանօթացան Շուշիի ազատագրումը խորհրդանշող լերան:Կէսօրէ ետք խումբը մեկնեցաւ դէպի Տիգրանակերտի բերդ ու թանգարան:

Ստեփանակերտ վերադարձին, ֆորումականները այցելեցին Հ.Յ.Դ. երիտասարդական կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցան միութեան անդամներուն հետ:

Արցախի մէջ վերջին երեկոն եղաւ ճոխ ու խանդավառ. արդարեւ, երաժշտական խումբի մը ընկերակցութեամբ մասնակցողները վայելեցին անմոռանալի երեկոյ մը:

Ֆորումականները Արցախին հրաժեշտ տուին «Տատիկին ու Պապիկին» խոստանալով կրկին այցելութիւն:

Յաջորդ կանգառը Լաչին էր, ուր ուսանողները Երեւանի պետական համալսարանի ծառատունկի ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին. անոնք դիմաւորուեցան մեծ ոգեւորութեամբ, ինչպէս նաեւ տնկեցին եւ որդեգրեցին երեք ծառեր:

Տաթեւի վանքը եղաւ խումբին յաջորդ այցելութեան վայրը: Հրաշալի այս վայրը նոր թեւեր տուաւ ֆորումականներուն՝ ճոպանուղիով «թռչելու» ու հասնելու վանք, ապա խումբը կանգ առաւ Շաքէի ջրվէժին մօտ: Ճաշի կարճ դադարէ մը ետք հաւաքի մասնակիցները ճամբայ ելան դէպի Երեւան:

Հաւաքի նախավերջին օրը,առաւօտեան ֆորումականները այցելեցին Էջմիածնի Մայր տաճար եւ թանգարան, ապա՝ Ս. Գայեանէ եկեղեցի, ուր կը գտնուի Րաֆֆիի «Խենթ»-ին շիրիմը: Այնուհետեւ խումբը այցելեց Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցի եւ Զուարթնոցի տաճար:

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7։00-ին, ֆորումականները իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀամաՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու բացման պաշտօնական հանդիսութեան եւ տողանցքին: 

Կիրակի, 28 Յուլիս 2013-ը յատկանշական օր մըն էր ֆորումականներուն համար՝ տրուած ըլլալով, որ ուսանողական հաւաքը կը հասնէր իր աւարտին:

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն իսկ յանձնախումբերը կը պատրաստուէին եզրափակիչ հանդէսին՝ կատարելով վերջին փորձերը:

Կէսօրէ ետք, ժամը 4:30-ին, Նարեկացի արուեստի կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւարտական հանդէսը: Ֆորումականները հանդէս եկան պարով, խմբերգով, զուգերգով մը, նուագով եւ թատերական ներկայացումով: Մասնակիցներուն կողմէ պատրաստուած սահիկներու ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէր ֆորումականներն ու անոնց առօրեան հաւաքին ընթացքին: Հանդէսի աւարտին խօսք առին Լիլիթ Գալստեանը եւ Նորա Թաշճեանը. բոլոր մասնակիցներուն յանձնուեցան Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակցութեան հաստատագիրները:

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ընթրիք «Պելաժիօ» ճաշարանին մէջ, ուր ֆորումականները պարով ու երգով անցուցին անմոռանալի երեկոյ մը:

29 Յուլիսի առաւօտեան կարգ մը մասնակիցներ արդէն իսկ մեկնեցան իրենց երկիրները, յուզումով ու արցունքներով բաժնուելով իրենց ընկերներէն եւ խոստանալով, որ անգամ մը եւս կը հանդիպին հայրենիքի մէջ: