ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԷ՝ ՄԷԿ ՎԻՐԱՒՈՐ

Օգոստոս 7-ին, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ  բաժանմունքը լուրեր տարածած է, որ իբրեւ թէ հայկական կողմը գիշերը կրակած է Իջեւանի շրջանի Բերքաբեր-Պառաւաքար եւ Նոյեմբերեանի շրջանի Բերդաւան գիւղերէն։

Զինուած ուժերու զօրամասերուն մէջ հանդիսաւոր կերպով սկսած է ամառնային ուսումնական շրջանը: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, զինուորները քաջալերելու, ինչպէս նաեւ նոր ուսումնական հանգրուանին առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցելու նպատակով պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը ներկայ եղած է երկրորդ բանակային

Հայաստանի Զինուած ուժերու շտապի պետ, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովի զինուորական ծառայութիւնը 2013 Յուլիս 30էն երկարաձգուած է մինչեւ 2017 թուականի Մայիս 1ը:

«2 Օգոստոսին ատրպէյճանական կողմը, ապատեղեկացնելով միջազգային հանրութիւնը եւ իր իսկ քաղաքացիները, մատնանշեց իր խաղաղ բնակիչին վիրաւորուելու փաստը եւ ատիկա վերագրեց հայկական զինեալ ուժերուն», ըսուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Տեղեկացնելով, որ Հայաստան ընթացիկ տարուան Մայիսէն ստանձնած է ՄԱԿ-ի առանցքային գործընկեր հանդիսացող Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահութիւնը, Կարէն Նազարեան նշեց, որ Հայաստան իր նախագահութեան իբրեւ առաջնահերթութիւններ սահմանած է ցեղապաշտութեան, խտրականութեան, այլամերժութեան, անհանդուրժողականութեան, ահաբեկչութեան եւ մարդոց վաճառքի դէմ պայքարը: