- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Լեռնագնացներու խումբը անցած է Ջաւախքէն եւ այցելած Թմբկաբերդ, ապա այցելած է Հայաստանի պատմական մայրաքաղաք Անին:
Իջնելով Արարատի գագաթէն՝ խումբը մեկնած է Վանայ լիճ եւ տօնակատարութիւն կատարած Աղթամար կղզիին վրայ:
Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնադրամին համար այս տարուայ Օգոստոսը անմոռանալի է, քանի որ հիմնադրամի 11 հոգինոց «Արարատ Տրիմ» լեռնագնացներու խումբը Յարութ Տէր Դաւիթեանի գլխաւորութեամբ եւ նուիրատուներ Հրաչ Լուկասեանի, Աշոտ Մանուկեանի եւ Հայկ Մանուկեանի մասնակցութեամբ, բարձրացուցած են կազմակերպութեան դրօշը Արարատ լերան գագաթին, ի նշան հիմնադրամի ազգանուէր եւ մարդասիրական առաքելութեան համազգային աջակցութեան:
Հիմնադրամը հիմնուած է 1999ին, արեան հիւանդութիւններով տառապող հայերու բուժման նպաս- տելու համար: Ցայսօր, հիմնադրամին անդամագրուած են աւելի քան 25 հազար աշխարհասփիւռ կամաւորներ՝ 4 ցամաքամասերէ ու 18 երկիրներէ, եւ արձանագրուած են 2249 հաւանական նուի- րատուներ: «Մենք շատ ոգեւորուած էինք «Արարատ Տրիմ»ի եւ յատկապէս մեր նուիրատուներու մասնակցութեամբ, որոնք հիմնադրամին դրօշը, զոր մենք կը համարենք հրաշալի խորհրդանիշ համահայկական համախմբուածութեան եւ համագործակցութեան, ծածանեցին Արարատ լերան գագաթին», նշած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սեւակ Աւագեան:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
«Արի տուն» երիտասարդական ծրագիրի 6 հանգրուաններուն ընթացքին Հայաստան այցելած է աւելի քան 715 երիտասարդ՝ աշխարհի 36 երկիրներէ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սկսաւ «Արի տուն» երիտասարդական ծրագիրի 7րդ հանգրուանը, որ հայրենիքի մէջ համախմբած է աշխարհի 16 երկիրներէ 90
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Ադրբեջանական կողմի սադրիչ գործողութիւններն անպատասխան չեն մնում», հաստատած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը՝ «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին մեկնաբանելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Իրան-Հայաստան երկշղթայ ելեկտրականութեան օդային գիծի եւ «Նորաւան» ենթակայանի կառուցումը երկու երկիրներու միջեւ ելեկտրականութեան փոխանակման շնորհիւ ելեկտրականութեան հզօրութիւնը ներկայիս 300 մեկաուաթէն պիտի հասցնէ մինչեւ 1200 մեկաուաթի: «Այն միաժամանակ կը բարձրացնի երկու երկրների եներգահամակարգերի զուգահեռ աշխատանքի իւսալիութիւնը եւ Հայաստանի եներգետիկ անվտանգութիւնը», նշուած է
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Հայաստանի ընդերքի հարստութիւնը‘ հանքավայրերու մէջ գտնուող հանածոներու արժէքը կը կազմէ աւելի քան 4 թրիլիոն տոլար: Այս մասին Օգոստոս 9-ինլրագրողներուն յայտնեց Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի տեսագիտութեան ինստիտուտի գլխաւոր մասնագէտ, երկրաբանական գիտութիւններու դոկտոր Հրաչեա Աւագեանը‘ այդպիսով յստակ պատասխան տալով այն տեսակէտին, թէ Հայաստանը բնական աղբիւրներէ զուրկ, աղքատ