Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու 6րդ օրը, Հինգշաբթի, 1 Օգոստոս 2013ին, մարզախաղերու մասնակից մարզիկ-մարզիկուհիները եւ պատասխանատուները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ, յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին հայկական Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին։

Յետմիջօրէի ժամը 3ին, 650 մարզիկ-մարզիկուհիներ ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդ, ուր կարգապահ եւ լուռ շարքերով տողանցեցին մինչեւ նահատակաց յուշարձան։ Այս առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յարգանքի ծաղկեպսակ մը զետեղեց յուշարձանի մուտքին։

Այնուհետեւ, բոլորը մուտք գործեցին յուշարձանի շրջափակէն ներս եւ յիշատակի ծաղիկներ զետեղեցին մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին շուրջ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու 1915-1923 զոհ գացած հայորդիներու յիշատակը։ Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու։ Ապա, յանուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան փոխանցեց պատգամ մը։ Ան յայտնեց, որ աշխարհի ժողովուրդները եթէ տարուան մէջ մէկ անգամ Ապրիլ 24 կ’ապրին, հայ մարդիկ ամէն օր Ապրիլ 24 կ’ապրին, որովհետեւ 98 տարիէ անոնք կը կրեն Ապրիլ 24ի՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքները։ Ցեղասպանութիւնը սկսած է 1915ին եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր՝ օտարացման, այլասերման եւ ձուլման ենթարկելով հայութեան լայն զանգուածները։

Վիգէն Աւագեան հաստատեց, որ Ծիծեռնակաբերդ այցելելով Հ.Մ.Ը.Մ.ական նոր սերունդը յարգանքի իր տուրքը կը մատուցէ իր նահատակներուն եւ այն բոլոր արժէքներուն, որոնց համար ինկան նահատակները։ Այդ արժէքները հողն են, հայրենիքն են, լեզուն են, մշակոյթն են, սեփական ինքնութիւնն են։

Այսօր կը գտնուինք Ծիծեռնակաբերդի մէջ,- շարունակեց Աւագեան,- սակայն վստահ ենք, որ վաղը, միւս օր եւ մինչեւ մեր կեանքին վերջը Ծիծեռնակաբերդը պիտի ըլլայ մեր սրտին մէջ եւ անոր անմար ջահը վառ պիտի պահէ պահանջատիրական մեր թափն ու եռանդը ազգային-միութենական մեր աշխատանքներուն մէջ՝ մինչեւ մեր վախճանական նպատակներուն իրականացումը, մինչեւ ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանի կերտումը։

Պատգամէն ետք, յուշարձան այցելութիւնը վերջ գտաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի խմբերգումով։

 

ԹԱՆԳԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԱՏՈՒԿ ԲԱՑԻԿՆԵՐՈՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄ 

Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան երկրորդ հանգրուանը եղաւ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանը, ուր յատուկ արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Շաւարշ Քրիսեանի յիշատակը յաւերժացնող բացիկներու հրապարակում։ Թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան յայտարարեց, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9րդ մարզախաղերուն առիթով, թանգարանը նախաձեռնած է Շաւարշ Քրիսեանի յիշատակին 650 բացիկներու պատրաստութեան։

Այս առիթով տեղի ունեցաւ բացիկներու ստորագրութեան պաշտօնական արարողութիւն։ Հայկ Դեմոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9րդ մարզախաղերու պատասխանատուները ստորագրեցին ու կնքեցին 10 բացիկներ, որոնք նախատեսուած են հասցէագրուելու թանգարաններու եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու։ Մնացեալ բացիկները բաժնուեցան Ցեղասպանութեան թանգարան այցելող մարզիկ-մարզիկուհիներուն։

 

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ՀԱՅԿ ԴԵՄՈՅԵԱՆԻ ՀԵՏ 

Մարզիկ-մարզիկուհիներու թանգարան այցելութեան ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի հետ։

Հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։

 

ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ 

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու 6րդ օրը ունեցաւ նաեւ դաստիարակչական յայտագիր։ Ծիծեռնակաբերդ այցելութենէն ժամ մը առաջ, մարզիկ-մարզիկուհիներու ներկայացուեցաւ երկու դասախօսութիւն։ Հայկ Դեմոյեան խօսեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձան համալիրի անցեալին, ներկային ու ապագայի ծրագիրներուն մասին, իսկ Հարմիկ Յովսէփեան ներկայացուց Հ.Յ. Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը Արցախեան պայքարին։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9-րդ մարզախաղերուն
իր մասնակցութիւնը բերած
Կիպրոսի պատուիրակութիւնը