ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Զուարթնոց» օդակայանին միջոցով այս տարուան Յունուար-Յունիսին Հայաստանէն մեկնած է 363 հազար մարդ՝ նախորդ տարուան 384 հազարի փոխարէն:

Այդ մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի կառավարութեան առընթեր «Հայաստանի Քաղաւիացիայի գլխաւոր վարչութիւն»ը։ Այսպիսով՝ Հայաստանէն մեկնողներուն թիւը նուազած է 21 հազարով կամ 5.8 տոկոսով:

Նոյն ժամանակահատուածին Հայաստան ժամանած է 330.5 հազար ուղեւոր՝ նախորդ տարուան 334 հազարի փոխարէն:

Այսպիսով՝ օդային ճամբով Հայաստանէն մեկնողներուն եւ ժամանողներուն հաշուեկշիռը 2013ի Յունուար-Յունիսին կը մնայ բացասական՝ 32.5 հազարով, նախորդ տարուան 50 հազարի փոխարէն:

Նշենք, որ «Շիրակ» օդակայանով այս տարուան Յունուար-Յունիսին Հայաստան ժամանածներուն թիւը կազմած է 12339, մեկնածներունը՝ 19693 մարդ,. այստեղ եւս հաշուեկշիռը բացասական է՝ 7354ով:

Այսպիսով «Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններէն անցնող վեց ամիսներուն Հայաստան չի վերադարձած մարդոց թիւը կը հասնի 39854ի: