ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Վերջին մէկ տարուան ընթացքին «Հասարակութիւն առանց բռնութեան» հասարակական կազմակերպութեան արագ արձագանգման խումբը բացայայտած է կիներու նկատմամբ բռնութեան 20 դէպք, որոնցմէ եօթի պարագային կիները մահացած են։
Խումբի համակարգող Լիդա Մինասեան յայտնած է, որ դէպքերուն հիմնական մասը արձանագրուած է մարզերուն մէջ:
Մինասեան ներկայացուցած է Յունիս-Յուլիս ամիսներուն տեղի ունեցած երկու դէպքերը. «Դիանա Նահապետեանի դէպքն է, դէպքը տեղի է ունեցել Արարատում: Ամուսինը 21 անգամ դանակահարել էր իր կնոջը: Յաջորդ դէպքը տեղի է ունեցել Յուլիսի 16ին: Ամուսինը վերադարձել էր արտագնայ աշխատանքից եւ յաջորդ օրը «Օդնոկլասնիկ»ի սոցիալական կայքին մէջ գրանցուած ըլլալու պատճառով՝ դանակահարել կնոջը»:
Դիանա Նահապետեանը մահացած է, միւս կնոջ կեանքը մեծ դժուարութեամբ կարելի եղած է փրկել: Մասնագէտները նշած են, որ դանակահարութիւններու, ծեծի հիմնական պատճառը նախանձն է:
Այս տարի արձանագրուած 20 դէպքերէն 14ը յատկանշուած են դաժանութեամբ. ընտանիքներու մէջ բռնութիւնները կը շարունակուին տասը եւ աւելի տարիներէ ի վեր, սակայն կիները այդ մասին չեն խօսիր:
«Հանդուրժում են, որովհետեւ ունեն անչափահաս երեխաներ, չունեն ֆինանսական անկախութիւն, վախենում են հասարակական կարծիքից եւ այլն», ըսած է «Հասարակութիւն առանց բռնութեան» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Աննա Արուճեանը՝ միաժամանակ ընդգծելով, որ այս խնդիրը կամաց-կամաց կը յաղթահարուի:
Արուճեան նաեւ նշած է, որ վերջին տարիներուն ոչ թէ բռնութեան պարագաները աւելցած են, այլ անոնց մասին բարձրաձայնողները: Այսօր Հայաստանի մէջ կան թէժ գիծեր, հասարակական կազմակերպութիւնները իրենց միջոցներով ապաստան, հոգեբանի եւ փաստաբանի ծառայութիւններ կը տրամադրեն, սակայն այդ բոլորը տակաւին բաւարար չեն, յայտնած է կազմակերպութեան տնօրէնը՝ նշելով, որ պետական մակարդակով աջակցութիւն պէտք է ցոյց տալ: Կազմակերպութեան ծրագիրներու ղեկավար Աննա Նիկողոսեան նշած է, որ վերջին շրջանին հասարակական կազմակերպութիւնները մշակած են «Ընտանեկան բռնութեան մասին» օրէնքի նախագիծ մը, որ նպատակ ունէր պաշտպանել կիներն ու երեխաները, սակայն կառավարութիւնը մերժած է զայն:
Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները նշած են, որ միջազգային տարբեր կառոյցներու հետազօտութիւններուն համաձայն, Հայաստանի մէջ բռնութեան կ՛ենթարկուի կիներուն մօտ 70 տոկոսը: