![]()
Շաբաթ, 3 Օգոստոսի յետմիջօրէին, Երեւանի «Միկա» պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն հանդիսաւոր փակումը: Խաղերը ընթացք առած էին շաբաթ մը առաջ՝ 27 Յուլիսին, 17 երկիրներէ համախմբելով 650 մարզիկներ:
Փակման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան եւ բաժակներու տուչութիւնը կատարեցին Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի քարտուղար Հրաչ Ռուստամեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի պատասխանատուներ:
Մարզիկներու տողանցքէն ետք, մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմնին անունով խօսք առաւ Սեւակ Կարապետեան (լուսանկար) եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի մարզական ֆետերասիոններուն եւ Ազգային ողիմպիական կոմիտէին, որոնք որեւէ օժանդակութիւն չզլացան խաղերու յաջողութեան համար:
Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի քարտուղարը մարզախաղերը նկատեց Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման միջոց եւ մաղթեց, որ չորս տարի ետք ՀՄԸՄ-ական մարզիկները դարձեալ իրարու հանդիպին հայրենիքի մէջ:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ստեփան Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ մարզախաղերուն փակումով ոսկիէ էջ մը կը փակուի միութեան պատմութեան մէջ: «Ստեղծուած խանդավառութիւնը այժմ կը փոխադրուի շրջաններ, ուր մարզիկները վերյիշելով իրենց ապրած գեղեցիկ յիշատակները, պատմելով իրարու եւ քաջալերելով իրենց խմբակիցները այժմէն պիտի պատրաստուին չորս տարի ետք տեղի ունենալիք համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերուն», դիտեց ան:
Այս առիթով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեան: Ան ողջունեց մարզախաղերուն յաջողութեան համար աշխատած ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի սկաուտական օժանդակ յանձնախումբը եւ Հայաստանի ոստիկանութիւնը, որոնք ջանք չխնայեցին մարզիկներուն հանգստութիւնը եւ ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ լաւագոյն մարզիկներու եւ ախոյեաններու անուններու յայտարարութիւնն ու մրցանակաբաշխութիւնը:
Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, իւրաքանչիւր մարզախաղի լաւագոյն մարզիկին շնորհուեցաւ վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ականի անունով մրցանակ մը:
Համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու տիպար ՀՄԸՄ-ական հռչակուեցաւ Աւստրալիայէն Անդրանիկ Բանոյեան:
Մարզախաղերու ընթացքին լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած շրջանն էր ՀՄԸՄ Լիբանանը, որ հռչակուեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու ախոյեան իր տիրացած 3 առաջնութեան (ճատրակ, փինկ-փոնկ, աթլեթ) համար (ֆութպոլ, կրտսեր տղոց պասքեթպոլ եւ երէց աղջկանց պասքեթպոլ): Լիբանանի 95 հոգինոց մարզական պատուիրակութիւնը (լուսանկար) Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի քարտուղար Հրաչ Ռուստամեանի ձեռամբ ստացաւ յատուկ բաժակ:
Մարզախաղերու ախոյեան հանդիսացան հետեւեալները.-
Ճատրակի մէջ Լիբանանի խումբը
Թենիս - Քանատա եւ Գահիրէ
Փինկ փոնկ - Լիբանան
Լող - Թեհրանի ՀՄԱԿ
Աթլեթ - Լիբանան
Վոլիպոլ - ՀՄԸՄ¬ՀԱՍԿ (առաջին), Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (երրորդ):
Ֆութպոլ - Փարիզ (առաջին), Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), Լիբանան (երրորդ):
Պասքեթպոլ/կրտսեր աղջիկներ - Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), Լիբանան (երկրորդ), Քուէյթ (երրորդ):
Պասքեթպոլ/կրտսեր տղաք - Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), Լիբանան (երրորդ):
Պասքեթպոլ/երէց աղջիկներ - Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (երկրորդ), Լիբանան (երրորդ):
Պասքեթպոլ/երէց տղաք - Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (առաջին), Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (երկրորդ), ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (երրորդ):
Մարզախաղերու փակումէն ժամեր ետք, երեկոյեան, Աբովեանի մէջ տեղի ունեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը՝ ներկայութեամբ 1200 մարզիկ-մարզիկուհիներու, պատասխանատուներու եւ ՀՄԸՄ-ի բարեկամներու: Հիւրերու շարքին էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Գերագոյն մարմինի փոխ ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ ՀՄԸՄ-ի բարերարներ:
Ճաշկերոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի քարտուղար Հրաչ Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Ճաշկերոյթի ընթացքին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցան երկարամեայ իրենց ներդրումը ունեցած եղբայրներ: Մանուէլ Մարսելեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն) պարգեւատրուեցաւ «Ոսկիէ շուշանածաղիկ» յուշամետալով, իսկ Մանուկ Մանուկեան եւ Աւետիս Պէրպէրեան պարգեւատրուեցան «Վարդան Բախշեան» յուշամետալով:
Ճաշկերոյթը խանդավառեցին հայրենի խումբ մը արուեստագէտներ եւ սուրիահայ երգիչ Յովսէփ Գասպարեան: Ճաշկերոյթին ընթացքին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ի նպաստ կատարուեցան նուիրատուութիւններ: Այս առիթով ներկաներուն բաժնուեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու գրքոյկը, ուր ողջոյնի խօսքեր կը փոխանցէին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, ՀՅԴ Բիւրոն, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, մարմնամարզի եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Եուրի Վարդանեան, Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնները եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութիւնը: