ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ ԳՐԱՏԱՐԱԾ

 Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը, գործակցաբար Հայաստանի հրատարակիչներու միութեան հետ, 22 Հոկտեմբերէն 2 Նոյեմբեր առաջին անգամ ըլլալով պիտի կազմակերպէ հայաստանեան հրատարակութիւններու ցուցահանդէս - վաճառք:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեանն ու միութեան հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Լիլիթ Գալստեանը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 22 Սեպտեմբերին ընդունեց միօրեայ ճանաչողական այցելութեամբ Ստեփանակերտ ժամանած Քանատայի խորհրդարանի անդամ Սթեֆան Տիոնը եւ անոր ուղեկցող անձերը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան տիրացած անձերուն թիւը 2013ի ինը ամիսներու տուեալներով 14 հազար 496 է:

Ժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ
Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեան

Ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, այսօր Երեքշաբթի 24 Սեպտեմբերին, Ս. Էջմիածնի մէջ բացումը կը կատարուի Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովին, հրաւէրով, օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներու: