ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստան գտնուեցաւ «Տիփ Փրփըլ» խումբի մենակատար Իան Կիլընը, սակայն ոչ թէ երաժշտական նախագիծով, այլ՝ մասնակցելու Գիւմրիի թիւ 6 երաժշտական դպրոցի բացման, որ տեղի ունեցաւ 20 Սեպտեմբերին:

Ան հաստատած է, որ դպրոցի վերականգնման մէջ իր ունեցած ներդրումը շատ անձնական եւ խորհրդանշական բնոյթ ունի:

«1989ին՝ երկրաշարժէն տարի մը ետք այցելեցինք Սպիտակ, ծանր էր այդ աւերները տեսնելը, եւ այդ բոլորէն տպաւորուած փորձեցինք բան մը ընել: Ոչինչ կար, լռութիւն էր, եկեղեցւոյ մէջ չէին երգեր, անգամ թռչունները չէին երգեր, ինչ որ մեզ դրդեց բան մը ընելու», յայտնած է ան:

«Տիփ Փրփըլ»ի մենակատարը աւելցուցած է, որ իրենք հասկցան, որ կեանքը առանց երաժշտութեան դժուար է, ու թէեւ չխոստացան, այլ ուղղակի ձեռք սեղմելով հեռացան, բայց իրենք որոշեցին, որ պիտի վերադառնան եւ պիտի օգնեն քաղաքին այն ատեն, երբ ան պատրաստ ըլլայ երաժշտութեան:

Իան Կիլըն նշած է, թէ այն ատեն դպրոցին մասին տեղեակ չէին, կը մտածէին համերգ տալ, սակայն աւելի ուշ տեսնելով դպրոցին վիճակը՝ փոխեցին իրենց որոշումը: