Ժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ
Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեան

Ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, այսօր Երեքշաբթի 24 Սեպտեմբերին, Ս. Էջմիածնի մէջ բացումը կը կատարուի Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովին, հրաւէրով, օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներու:

Ժողովին կը մասնակցի նաեւ Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեան:

Քառօրեայ նիստերու ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հայ եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսները, քննարկելով մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան կապակցուած բոլոր հարցերը:

Ժողովի աշխատանքները պիտի աւարտին Ուրբաթ 27 Սեպտեմբերին: