24-27 Սեպտեմբերին Մայր աթոռ Ս. Էջիմածինի մէջ գումարուած հայ առաքելական եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը ամփոփեց իր աշխատանքները, նախատեսելով որ յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի 2014 թուականի աշնան:

«Ապրող առասպել» կոչումով նշանաւոր, հայկական թատերական արուեստի ամէնէն հեղինակաւոր եւ վաստակաշատ դէմքերէն Սօս Սարգսեան մահացաւ 26 Սեպտեմբերին՝ հայ ժողովուրդի յատկապէս մշակութային-թատերական կեանքին մէջ մեծ դատարկութիւն մը ձգելով։

Մանկավարժական համալսարանին յայտագիրը շատ ճոխ էր։ Տնօրէնը՝ Պատմական գիտութիւններու տոքթ.՝ փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան, առաջին օրէն Ռուբէն Սեւակի թանգարանը Հայաստան՝ Էջմիածնի մէջ տեղադրելու գաղափարը յղացողը եղած է։

Օտարերկրեայ ներդրումներու ծաւալը 2013ի առաջին կիսամեակին Հայաստանի մէջ կազմած է 293.1 միլիոն տոլար՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ նուազելով 34.7 առ հարիւրով: Այդ մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի Ազգային Վիճակագրական Ծառայութիւնը:

Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի այն հարցումին, թէ արդեօք կա՞յ այն մտավախութիւնը, որ անդամակցելով Մաքսային Միութեան, իսկ հետագային՝ Եւրասիական Միութեան, Հայաստան կը կորսնցնէ իր անկախութիւնը, ըսած է հետեւեալը.