Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այսօր կը մեկնի Վարշաւա, ուր նախատեսուած է անոր հանդիպումը Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքիի հետ:

ՀՅԴ-ն Հանրութեան Ներկայացուց Արտագաղթի Յաղթահարման Ծրագիրը

Երէկ Երեւանի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանի մամլոյ ասուլիսը: Անոնք ներկայացուցին Դաշնակցութեան մշակած՝ «Մենք ապրելու ենք մեր երկրում» արտագաղթի կանխարգիլման ուղղուած ծրագիրի բովանդակութիւնը եւ ձեռնարկուելիք քայլերը:

Հայաստանի 2014 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի մեծցուած ցուցանիշներու նախնական տարբերակով՝ ծախսերու բաժինը կը կազմէ 1 եռիլիոն 272 միլիառ 955 միլիոն դրամ (երեք միլառ հարիւր միլիոն տոլարի համարժէք), եկամտայինը՝ 1 եռիլիոն 145 միլիառ 415 միլիոն դրամ:

ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի հարաւ-արեւելեան դիրքերէն մէկուն վրայ, Սեպտեմբեր 14էն 15ի գիշերը կրակոցներէ ծանրօրէն վիրաւորուած 19ամեայ Խաչատուր Խաչատրեան մահացած է:

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Արցախ այցելեց անցնող շաբաթավերջին, ուր ընդունուեցաւ նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ: