Ժամանակակից հայ արձակի նշանաւոր ներկայացուցիչ Հրանտ Մաթեւոսեանի անունը կրող դպրոցի բակին մէջ 12 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ գրողին արձանին բացման արարողութիւնը։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 11 Սեպտեմբերին առանձնաբար ընդունած են ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի նորանշանակ ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքը։

Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ 9 Սեպտեմբերին իր տեղեկալներուն հետ կատարեց խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեան՝ Մաքսային միութեան անդամակցելու վերաբերեալ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ, արձակագիր Ռուբէն Սեւակի անուան թանգարանի բացման արարողութիւնը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան յանձնախումբը մշակած է արտագաղթի կասեցման ծրագիր, որ կը կոչուի՝ «Մենք ապրելու ենք մեր երկրում»: Անիկա ունի 11 յստակ ուղղութիւն եւ կը ներառէ շուրջ 95 յստակ գործողութիւն, ինչպէս նաեւ կարճաժամկէտ,