
Անցնող շաբաթավերջին կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրը կրող հայկական հիմնախնդիրներու իրազեկման կառոյցներու ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովը:
Ժողովին մասնակցեցան հայկական հիմնախնդիրներու իրազեկման կառոյցներու շուրջ 50 ներկայացուցիչներ սփիւռքէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն:
Համաժողովին ընթացքին քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ սփիւռքի մէջ ձեւաւորուած շրջանային յանձնախումբերու, հայկական հիմնախնդիրներու կառոյցներու ներկայացուցիչներու գործունէութիւնը եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան արդի հարցեր:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ՝ «Ժողովրդական դիւանագիտութեան հիմնախնդիրները» նիւթով քննարկում տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ խորհրդարանական պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Այնուհետեւ քննարկումները շարունակուեցան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, ուր նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ նախարարութեան բարձրաստիճան հրամանատարական կազմին հետ քննարկուեցան Հայաստանի պաշտպանութեան վերաբերող հարցեր:
Համաժողովը իր աշխատանքային առաջին օրը ամփոփեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման հարցերուն քննարկումով:
Համաժողովին ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի ողջոյնի խօսքը ներկայացրուց ԱԺ նախագահի տեղակալ Հերմինէ Նաղտալեանը: Համաժողովին ընթացքին քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ Սփիւռքի մէջ ձեւաւորուած տարածաշրջանային յանձնախումբերու, հայկական հիմնախնդիրներու իրազեկման կառոյցներու ներկայացուցիչներու գործունէութիւնը, ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան արդի խնդիրները:
Սեպտեմբեր 20-ին հայկական հիմնախնդիրներու իրազեկման կառոյցներու ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովի մասնակիցները հանդիպեցան ՀՀ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, իրաւաբանական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆ. Արթուր Բաղդասարեանի հետ:
Տեղի ունեցաւ «Հայաստանի անվտանգութեան հիմնախնդիրները» նիւթով քննարկում:
Ողջունելով համաժողովի մասնակիցները Արթուր Բաղդասարեանը կարեւոր նկատեց հայապահպանութեան, ազգային անվտանգութեան, պետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէները դիմակայելու խնդիրներուն վերաբերող նման համահայկական քննարկումները եւ վստահութիւն յայտնեց, որ համատեղ ուժերով հայ ժողովուրդը կարող է յաղթահարել անոնք եւ Սփիւռքը մեծ դերակատարութիւն ունի այդ գործով: «Ես կարծում եմ, որ քննարկումը շատ տպաւորիչ է եւ ներկայացուցչական ու կ'օգնի գործունէութեան, ազգային մարտավարութեան նոր մեխանիզմներ մշակել, գործնական արդիւնքներ ստանալ». նշեց ՀՀ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը:
Կարեւորելով ՀՀ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի դերը համազգային հիմնախնդիրներու լուծման գործով, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ամփոփեց քննարկումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կառուցողական եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի համար:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝
ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԵՒ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԵՏ
21 սեպտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեցին Հայկական հիմնախնդիրներու իրազեկման կառոյցներու ներկայացուցիչներու համաժողովի մասնակիցները:
Շնորհաւորելով ներկաները Հայաստանի վերանկախացման 22-ամեակին առիթով‘ Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ խորհըրդանշական է, որ այս հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Ազգային տօնի օրը, քանի որ մեր ընդհանուր նպատակն է համադրել ջանքերը՝ ի նպաստ համահայկական խնդիրներու լուծման, Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման:
Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, համահայկական հիմնախնդիրներու վերաբերեալ Հայաստանի կողմէ իրականացուող քայլերը, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման համար ջանքերը, ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան անվտանգութեան առնչուող հարցերը: