Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 22 Սեպտեմբերին ընդունեց միօրեայ ճանաչողական այցելութեամբ Ստեփանակերտ ժամանած Քանատայի խորհրդարանի անդամ Սթեֆան Տիոնը եւ անոր ուղեկցող անձերը:

«Հաճելի է հանդիպիլ Քանատայի խորհրդարանի ազդեցիկ դէմքերուն ու երկրի քաղաքական դաշտին աշխուժ դերակատարներէն մէկուն հետ, որ առանցքային դեր կատարած է դաշնակցային օրէնսդիր մարմինին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ», ողջունելով հիւրերը՝ ըսաւ խորհրդարանի նախագահը: Ան նշեց, որ «մեզի համար կարեւոր է, որ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն մեր գործընկերները տեղեկութիւն ունենան Արցախի մասին՝ իրերու վիճակին ականատես ըլլալով անմիջապէս տեղւոյն վրայ»: Ղուլեան նկատել տուաւ, որ այս տեսակի հանդիպումները հեռանկարային նախադրեալ կը հանդիսանան երկու խորհրդարաններուն միջեւ կապերու հաստատման համար:

Իր կարգին, նշելով, որ իրեն համար մեծ պատիւ է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ գտնուիլ եւ հանդիպում ունենալ խորհըրդարանի նախագահին հետ, քանատացի խորհրդարանականը յայտնեց, որ այցելութեան նպատակը զուտ ճանաչողական է: «Կ՛ուզեմ շատ տեղեկութիւններ ունենալ ձեր երկրին ու ժողովուրդին մասին, որպէսզի այստեղ ստացած տեղեկութիւններս հաղորդեմ գործընկերներուս, ու անոնք նոյնպէս լիարժէքօրէն տեղեկանան Լեռնային Ղարաբաղի մասին»,ըսաւ քանատացի խորհրդարանականը: Քանատացի հիւրին կը հետաքրքրէր Արցախի մասին ամէն ինչ՝ սկսեալ ղարաբաղեան տագնապէն, լուծման հոլովոյթէն, երկրին մէջ ընտրական համակարգի դրուածքէն, խորհրդարանի գործունէութենէն, կառոյցէն, քաղաքական կազմէն մինչեւ հասարակական-քաղաքական, ընկերային-տնտեսական կեանքի ամէնէն տարբեր մարզերը եւ ոլորտները, որոնց վերաբերեալ Ազգային ժողովի նախագահը տուաւ համապատասխան պարզաբանումներ:

Հանդիպման ներկայ էին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Ժիրայր Պասմաճեան իր կնոջ՝ Յասմիկ Պասմաճեանի հետ:

23 Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Քանատայի խորհըրդարանի անդամ Սթեֆան Տիոնը: Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը յայտնեց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախ-Քանատա յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ խորհրդարանական կապերու զարգացման վրայ:

Նախագահ Սահակեան նշեց, որ Արցախ շահագրգռուած է յառաջատար ժողովրդավարական պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ընդլայնման ու խորացման հարցով եւ այս շրջագիծին մէջ առանձնակի կերպով կարեւոր նկատուեցաւ Քանատայի հետ փոխադարձ գործակցութիւնը:

Հանդիպման կը մասնակցէին Ազգային ժողովի փոխ նախագահ Արթուր Թովմասեան, արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Ժ. Պասմաճեան: